2014-06-11 10:01:22

Իրանեան կողմը Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները կառուցողական կը նկատէ


ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքճի յայտնած է, որ Իրան կառուցողական կը նկատէ երկուշաբթի օր Իրան-Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումը, որ նուիրուած էր Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ կատարուած քննարկումներուն:
Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն, Ժընեւի հանդիպումին աւարտէն ժամեր ետք Արաքճի ըսած է. «Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները տեղի ունեցած են դրական մթնոլորտի մէջ եւ կառուցողական եղած են»:
Թեհրանի եւ Վեցեակին միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլը պիտի սկսի 16 յունիսին: Բանակցութիւններուն նպատակն է վերջնական համաձայնութիւն կնքել Իրանի հիւլէական ծրագիրի թափանցիկութիւնը ապահովելու համար:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ այսօր Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրան-Ֆրանսա երկկողմանի հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ, սակայն հանդիպման վայրը չնշեց:
Ան նշեց, որ այս հանդիպումէն ետք նաեւ Իրան-Ռուսիա հանդիպում մը տեղի պիտի ունեն







All the contents on this site are copyrighted ©.