2014-06-10 11:12:41

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի գնահատումով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նոր սլացք տուաւ խաղաղութեան գործընթացին


Անցեալ 8 Յունիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խնդրանքով Վատիկանի մէջ կայացած` Պատեստինի եւ Իսրայէլի նախագահներու մասնակցութեամբ, խաղաղութեան աղօթքի ձեռնարկին յաջորդ օրը, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս ձեռնարկով նոր սլացք մը տուաւ խաղաղութեան գործընթացին։
''Նորին Սրբութիւնը միշտ կը խօսի ''հանդիպումի մշակոյթի մասին'' եւ Կիրակի օրուայ ձեռնարկը եղաւ` հաւատքի նշանին տակ, անհատներու միջեւ անկեղծ հանդիպում մը։ Վերոյիշեալ երկու նախագահները Վատիկան հրաւիրելով, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց զօրեղ ազդանշան մը տալ` դիմելով Աստուծոյ, խաղաղութեան ի սպաս նոր եւ ընդլայնուած հորիզոն մը բանալով'', ըսաւ Հայր Լոմպարտին ընդգծելով թէ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ հաստատել, սակայն Աստուծոյ հաւատացող բարի կամք ունեցող մարդիկ, այդ գծով նոր ներդրում մը կատարեցին։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Հայր Լոմպարտին մատնանշեց թէ կիրակի օրուայ ձեռնարկի ընթացքին, բացի արտասանուած խօսքերէն, տեղի ունեցան յատկանշական ''ժեստեր'' ` ողջագուրում, ծառատունկ... Շիմոն Փերեսի եւ Մահմուտ Ապպասի միջեւ ողջագուրումը անկեղծ էր եւ տեսակէտով մը ''ազատագրում մըն էր'', որովհետեւ երկու ժողովուրդներն ալ անկեղծօրէն խաղաղութիւնը կը բաղձան, սակայն դժուարութիւն ունին անոր տանող ճանապարհը գտնելու։ Հայր Լոմպարտին ապա մատնանշեց թէ ''կիրակի օրուայ ձեռնարկը եղաւ պատմական անակնկալ մը, որ կը բխի միայն Տիրոջ Հոգիէն, ու ասոր համար մենք կը հաւատանք թէ ''նորութիւնը'' միշտ կարելի է ու մեր բոլոր ուժով այս ճանապարհով կ՛ընթանանք'', յայտարարեց միշտ Հայր Լոմպարտին ու ապա ակնարկեց թէ կիրակի օրուայ հանդիպումը կրնանք նկատել որպէս Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան եզրափակում, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բարթողոմէոս Ա եւ Երուսաղէմի Յոյն - Օրթոտոքս պատրիարք` Թէոֆիլոսը, որպէս նշան քրիստոնեաներու համամիութեան։Բոլոր Քրիստոնեաները միացան աղօթելու խաղաղութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.