2014-06-09 10:54:59

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Խաղաղութեան ձեռնարկի ընթացքին արտասանած աղօթքը։


Խաղաղութեան Տէր, ունկնդրէ մեր աղերսը։
Շատ անգամ ու բազմաթիւ տարիներու ընթացքին ջանացինք մեր ուժերով ու նաեւ մեր զէնքերով լուծումներ գտնել մեր պայքարներուն`. թշնամութեան ու խաւարի բազմաթիւ պահեր, արիւնահոսութիւն, բազմաթիւ խորտակուած կեանքեր եւ հողին յանձնուած անթիւ յոյսեր։ Սակայն մեր ուժերը ի զուր եղան։
Այժմ, ով Տէր, օգնէ մեզի ։Տուր մեզի խաղաղութիւնը, սովերցուր մեզի խաղաղութիւնը ու մեզ առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։
Բաց մեր աչքերն ու սրտերը եւ մեզի քաջութիւնը տուր ըսելու` ''Այլեւս պատերազմը ` ոչ երբեք`''։ Պատերազմով ամէն ինչ կործանուեցաւ.
Արմատացուր մեր մէջ քաջութիւնը՝ առարկայական գործեր կատարելու խաղաղութիւնը կերտելու համար։
Աբրահամի , Մարգարէներու եւ Սիրոյ Աստուած, Տէր, որ մեզ ստեղծեցիր, եւ մեզ հրաւիրեցիր՝ եղբայրաբար ապրելու, պարգեւէ մեզի ուժը՝ ըլլալու ամէն օր խաղաութեան կերտիչներ։
Պարգեւէ մեզի կարողութիւնը՝ բարեացակամութեամբ նայելու մեր բոլոր եղբայրներուն, որոնց մեր ճանապարհին վրայ կը հանդիպինք։
Տրամադիր դարձուր մեզ՝ ունկնդրելու մեր հայրենակիցներուն աղերսը, որոնք մեզմէ կը խնդրեն, զէնքերը վերածել՝ խաղաղութեան գործիքներ, մեր վախերը վստահութեան, ու մեր լարուածութիւնները ներումի։
Վառ պահէ մեր մէջ յոյսին բոցը, որպէսզի կարողանանք յարատեւ համբերութեամբ երկխօսութեան եւ համերաշխութեան ընտրանքներ կատարել, որպէսզի, ի վերջոյ, խաղաղութիւնը յաղթէ ։
Իւրաքանչիւր մարդու սրտին մէջ` բաժանում, ատելութիւն ու պատերազմ բառերը թող վերացուին։
Տէր` զինաթափ ըրէ լեզուն եւ ձեռքերը, վերանորոգէ սրտերն ու մտքերը, որպէսզի մեզ միացնող խօսքը՝ ըլլայ միշտ ''եղբայր'' բառը ու մեր կեանքի վարուելակերպը դառնայ` ''Շալոմ, Փաչէ եւ Սալամ''։ Ամէն







All the contents on this site are copyrighted ©.