2014-06-09 11:30:19

Սիսի կատարեց Նախագահական երդումը եւ ողջունեց «պատմական պահը»


Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախկին նախարար զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ կատարեց իր նախագահական երդումը: Ան ըսաւ, որ իր ընտրութիւնը «իշխանութեան ժողովրդավարական, խաղաղ փոխանցում մըն է», որ ժողովուրդին համար կը ներկայացնէ «պատմական պահ մը եւ շրջադարձ մը»:
Ան յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ եգիպտացի ժողովուրդը քաղէ իր երկու յեղափոխութեանց պտուղները: «Աւելի կայուն ապագայ մը կառուցելու ժամանակը հասած է», ըսաւ ան:
59-ամեայ Սիսիի պաշտօնավարութեան տեւողութիւնը չորս տարի է:
Ան խոստացաւ «հաստատել նոր Եգիպտոս մը` ուժեղ, արդար եւ ապահով երկիր մը, որ բարգաւաճ է»:
Նշենք, որ Սիսիի երդման արարողութեան մասնակիցներուն շարքին էին Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել:
Թուրքիա եւ Քաթար արարողութեան ներկայ գտնուելու հրաւէր չէին ստացած:







All the contents on this site are copyrighted ©.