2014-06-09 12:02:02

Նեթանիահու. «Համաս Այսրյորդանանը պիտի առնէ իր վերահսկողութեան տակ»


Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ գոյութիւն ունին շարք մը ցուցանիշներ, որոնք ցոյց կու տան, որ Համաս Այսրյորդանանը պիտի առնէ իր վերահսկողութեան տակ:
Ան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին կոչ ուղղեց` յարգելու Պաղեստինեան իշխանութեան վերահսկողութեան տակ եղող շրջանները, ներառեալ` Կազան զինաթափելու խոստումը:
Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ, որ ան որ կը յուսար, թէ պաղեստինեան ազգային համաձայնական կառավարութեան կազմութիւնը Համաս շարժումի կեցուածքը պիտի մեղմացնէ, սխալ գործեց:
Միւս կողմէ, Ապպաս եգիպտական «Սատա Պալատ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Համասի հետ գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Իսրայէլի հետ բանակցութիւնը Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) լիազօրութիւնն է:
«Նոր կառավարութիւնը կը ճանչնայ Իսրայէլն ու միջազգային քառեակի որոշումները, ինչպէս նաեւ ապահովական համակարգումը կ՛ընդունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը ճանչնայ Իսրայէլը, սակայն պետութեան հրէականութիւնը ճանչնալ պիտի չընդունի»:
Ապպաս ըսաւ, որ ՊԱԿ-ը խաղաղ դիմադրութեան այլընտրանք չունի` նշելով, որ եթէ Իսրայէլ բնակեցման վայրերու կառուցումը եւ յարձակումները չդադրեցնէ, ապա Պաղեստինեան իշխանութիւնը պիտի դիմէ 48 միջազգային կազմակերպութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.