2014-06-09 10:59:16

«Հանրապետութեան Նախագահ մը չընտրելը ճշմարտութեան եւ սահմանադրութեան դէմ ոտնձգութիւն է» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` նշելով, որ լիբանանեան մակարդակի ճշմարտութիւնը երկրին սահմանադրութիւնն է, եւ հանրապետութեան նախագահ մը չընտրելով անոր դէմ ոտնձգութիւն գործած կ՛ըլլանք:
«Այդ ոտնձգութիւնը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ անդամալուծել մեր սահմանադրական հաստատութիւնները», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ան շեշտեց, որ երեսփոխանները պատասխանատու են երկրին արժանապատուութիւնը խոցելուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.