2014-06-08 11:55:48

Կիրակի 8 Յունիս 2014, Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ, Պենտեկոստէ։


Կիրակի 8 յունիսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Պենտեկոստէի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը որուն աւարտին արտասանեց Մարեմեան աղօթքը։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապեպտը ակնարկելով Գործք Առաքելոց թուղթին ուր կ՛իրագործուի Յիսուսի վերջին ընթրիքի պահուն կատարած խոստումը՝ ''ուղղարկել իր Հօր Պարգեւը` Սուրբ Հոգին'', ըսաւ` ''թէ նման արտասովոր իրողութին մը, միայն այդ պահուն տեղի ունեցած իւրայատուկ իրադարձութիւն մը չէ, այլ՝ եղելութիւն մը, որ մշտապէս կը վերանորոգուի։Փառաւորեալ Քրիստոսը որ բազմած է Աստուծոյ Աջ կողմը, կը շարունակէ իրագործել իր խսոտումը։ Կենդանի Սուրբ Հոգին ուղարկելով Եկեղեցւոյ վրայ՝ որ մեզի կ՝ուսուցանէ, կը յիշեցնէ եւ խօսիլ կու տայ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց Սուրբ Հոգիին զօրութեան ըսելով, թէ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ, մեր կեանքի առօրեայ իրադարձութիւնները կը կարողանանք մեկնաբանել Յիսուի խօսքերու լոյսի ներքեւ։
Սուրբ Հոգին, մեզի, Աստուծոյ հետ զրուցել կու տայ եւ կարողութիւնը կը ներշնչէ կոչելու զԱստուած՝ ''ԱԲԲԱ''։ Սուրբ հոգին, կ՝օգնէ մեզի զրուցելու նաեւ մարդոց հետ եղբայրական երկխօսութեամբ եւ ճանչնալու ուրիշները ՝որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր։
Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ''Պենտեկոստէի օրը, երբ՝ առաքեալները լեցուեցան Սուրբ Հոգիով՝ տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ մկրտութիւնը, ծնունդ առաւ եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը ՝ բոլորին աւետելու Բարի Լուրը''։ Առանց Սուրբ Հոգիին, գոյութիւն չունի ոչ առաքելութիւն, ոչ աւետարանացում – եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաւատացեալները Եկեղցւոյ հետ միասին բացագանչելու ''Եկ՛ Սուրբ Հոգի''։







All the contents on this site are copyrighted ©.