2014-06-07 12:26:58

Հոգեգալստեան Տօն
Յովհ. ԺԴ, 25-31


RealAudioMP3 «Իսկ Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, եւ պիտի յիշեցնէ ինչ որ ըսած էի ձեզի»:

Յիսուս իր մահկանացու կեանքի ընթացքին` իր առաքեալներուն քանիցս խոստացած էր թէ իր համբարձումէն ետք` պիտի առաքէր Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, ճշմարտութեան Հոգին, որ իրենց պիտի սոորվեցնէր ամէն ճշմարտութիւն: Ըսած էր անոնց. « Յովհաննէս մկրտեց ջուրով, իսկ դուք պիտի մկրտուիք Սուրբ Հոգիով»:
Յիսուսի այս խոստումը սակայն շատ խորհրդաւոր էր Առաքեալներուն համար, որովհետեւ անոնք գաղափար չունէին թէ ինչ բանի մէջ կը կայանար իրենց ապագայ Սուրբ Հոգիով մկրտութիւնը:
Արդարեւ, Համբարձումէն 10 օր ետք, առաքեալերը` Վերնատան մէջ համախմբուած բարեպաշտ կիներու հետ, գլխաւրութեամբ Ս. Կուսին` հրաբորբոք աղօթքով կը պատրաստուէին հրէական Պենտեկոստէի տօնին, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ գոհաբանական տօն մը կատարուած նոր հունձքի առիթով: Մեծ ուրախութեան, ցնծութեան տօն մըն էր, որովհետեւ ցորենի շտեմարանները լեցուած էին, եւ Պենտեկոստէն կը փակէր զատկական տօնակատարութիւնները:
Առաւօտ ժամը 9 էր, մարդիկ կը պատրաստուէին տաճարին մէջ զոհակատարութեանց եւ տօնական խնջոյքին մասնակցելու, երբ յանկարծ քաղաքին մէջ զգալի դղրդիւն մը` սաստիկ հովի նման տեղի ունեցաւ Վերնատան շուրջ: Առաքեալները սոսկ տեսան հրեղէն գունտի մը երկինքէն իջնելը, որ ներկաներուն թիւին համեմատ բաժնուելով` իւրաքանչիւրին գլխուն վրայ կը հանգչէր հրեղէն լեզուի կերպարանքով: Ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան, որ զիրենք բոլորովին կերպարանափոխեց:
Ս. Հոգւոյն Գալստեան արգասիքը այն եղաւ, որ Առաքեալները, որոնք առաջ երկչոտ էին եւ չէին համարձակիր Վերնատունէն դուրս գալ, այնպէս որ հրեաներու վախէն` ամուր կերպով փակած էին անոր դռները եւ պատուհանները, այժմ քաջութիւն եւ յեղեալ գիտութիւն ստացան եւ սկսան ազատ համարձակ կերպով հրապարակներու եւ տանիքներուն վրայ քարոզել Քրիստոսի վսեմ վարդապետութիւնը:
Ս. Կոյս Մարիամն ալ Առաքեալներուն հետն էր: Ան չէր կրնար բացակայիլ, երբ արդեն կը կատարուէր նորածին Եկեղեցւոյ հիմնարկութեան նաւակատիքը: Ան սահմնանուած էր բոլոր քրիստոնեաներու եւ համայն եկեղեցւոյ Մայրը ըլլալու:
Ս. Հոգւոյն Գալստեան արգասիքը (արդիւնքը) այն եղաւ որ Առաքեալները ունեցան նաեւ լեզուներու տուրքը, որով այլազան ազգերու պատկանող ժողովուրդները` իւրաքանչիւրը իր սեփական լեզուով կը լսէր Առաքեալներու քարոզութիւնը: Արդ, Առաքեալներու Գործերուն մէջ կը կարդանք թէ . «ամէնքն ալ կը սքանչանային, կը զարմանային ու կ՛ըսէին իրարու – միթէ ասոնք ամէնքը որ կը խօսին Գալիլիացիներ չե՞ն, ինչպէ՞ս ուրեմն կը լսենք զանոնք մեր մայրենի բարբարով... կը լսենք զանոնք որ մեր լեզուներով կը հռչակեն Աստուծոյ սքանչելիքները»: Վասնզի Հոգին Սուրբ իջած էր անոնց վրայ եւ լեցուցած էր անոնց հոգիները աստուածային իմաստութեամբ: Աստուածային իմաստութիւնն էր որ բացագանչել կու տար հեթանոսաց Առաքեալին` Ս. Պօղոսին . « Այսուհետեւ ամէն բան անարժէք կը համարիմ` Յիսուս Քրիստոս, իմ Տէրս ճանչնալու գերազանց գիտութեան դիմաց»: (Փիլ. 3, 8)

Քրիստոսի` Առաքեալներուն կատարած խոստումը, թէ պիտի ղրկէ Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, կատարուեցաւ լիովին: Ան լրացուցած էր իր զոհակատարութիւնը, բազմած էր նաեւ իր Հօր աջակողմը եւ այժմ կ՛առաքէ իր Աստուածային հոգին, Սուրբ Հոգին որ մարդկութիւնը կը լուսաւորէ եւ եկեղեցին կը կենդանացնէ: Սուրբ Հոգին որ կ’ուսուցանէ եւ կը յիշեցնէ բարիին ճանապարհները եւ թէ ինչպէս խուսափիլ չարէն: Սուրբ Հոգին որ կու տայ ուժը դիմագրաւելու բոլոր փորձութիւններուն:
Եկուր Հոգի զօրութեան, զօրացուր մեզ, որպէսզի կարենանք քու սիրոյդ համար սիրով տանիլ այս կեանքի բոլոր նեղութիւնները, վիշտերը, դժուարութիւնները եւ փորձութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.