2014-06-07 08:55:19

Իրանի մէջ շոգեկառքերու բախման պատճառով զոհեր արձանագրուած են


Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Իրանի հիւսիսը 5 յունիսին ճամբորդատար շոգեկառք մը բախած է բեռնատար շոգեկառքի մը, որուն պատճառով առնուազն 10 զոհ արձանագրուած է եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են:
Արկածը տեղի ունեցած է Տակման կայարանին մէջ` տեղական ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 23:00-ին: Մեշհետ քաղաքէն Թեհրան մեկնող ճամբորդատար շոգեկառքին մէջ գտնուած է շուրջ 340 մարդ:
Իշխանութիւնները չեն բացառեր, որ զոհերու թիւը աճի, որովհետեւ վիրաւորներէն 4-ին վիճակը ծայրայեղ ծանր է:
Արկածի վայրին մէջ կ՛աշխատին փրկարարները: Սկսած է հետաքննութիւն: Շոգեկառքերու բախման պատճառները տակաւին անյայտ են:







All the contents on this site are copyrighted ©.