2014-06-06 10:38:09

''Փաքս Քրիսթի'' միջազգային կազմակերպութեան մրցանակը Յիսուսեան միաբանութեան բարեսիրական գործունէութեան


Յառաջիկայ Յունիս 6էն- 9ը, Սարայեւոյ քաղաքին մէջ, տեղի կ՝ունենայ, ''Փաքս Քրիսթի'' միջազգային կազմակերպութեան՝ նախաձեռնութեամբ, խաղաղութեան ի նպաստ ձեռնարկ մը, յիշատակելու՝ համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-րդ ամեակը, որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ մրցանակաբաշխութիւն։

2014-ի ''Խաղաղութիւն Փաքս Քրիսթի'' մրցանակը կը շնորհուի Յիսուսեսն միաբանութեան պատկանող ''Սուրիոյ մէջ գաղթականներու ի նպաստ ծառայութիւն՝՝ կոչուած բարեգործական կազմակերպութեան, Սուրիոյ ժողովուդին ի նպաստ, տածած մարդկային յանձառութեան։
''Սուրիոյ մէջ գաղթականներու ի նպաստ ծառայութիւն'' կազմակերպութեան գործունէութիւնը, սկիզբ առած է 2008 թուականին, Իրաքի պատերազմի հետեւանքով Սուրիա ապաստանող գաղթաններուն ի տես։
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, Յիսուսեան միաբանութեան կազմակերպութիւնը, բժշկական օգնութիւն հայթայթած է բարեկրթական հաստատութիւններուն։
Մինչեւ օրըս, Սուրիոյ մէջ բնակող, շուրջ 300 հազար անձ, օժանդակութիւն ստացած են վերոյիշեալ մարդասիրական կազմակերպութեան կողմէ։
Նշենք, թէ միջազգային ''Փաքս Քրիսթի'' մրցանակը հիմնուած է 1988 թուականին կէտնպատակ ունենալով պատուել այն անձերը կամ կազմակերպութիւնները որոնք կը գործեն խաղաղութեան եւ արդարութեան ի նպաստ։







All the contents on this site are copyrighted ©.