2014-06-06 10:47:08

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը բաղձանք յայտնած է որ Վատիկանի մէջ կայանալիք խաղաղութեան աղօթքի հանդիպումը արդիւնաբեր ըլլայ։


Կարտինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, մաղթանք յայտնած է որ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախաձեռնութեամբ, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի եւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի մասնակցութեամբ, 8 յունիս 2014ին, Վատիկանի մէջ նախատեսուած աղօթքը, վերակենդանացնէ խաղաղութեան յոյսը ։
Կարտինալ Փարոլին` Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով մատնանշեց որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ս. Երկիր կատարած ուխտագնացութիւն ընթացքին, Վատիկան հրաւիրած է երկու նախագահները անոնց հետ միասին աղօթելու Միջին Արեւելքի ու մասնաւորապէս Ս. Երկրի խաղաղութեան համար։
Սրբազան Հայրը այս նախաձեռնութեամբ ուզեց ցոյց տալ որ աղօթքը զօրեղ ոյժ մըն է` ի սպաս խաղաղութեան հաստատումին։ Մենք կը յուսանք, ըսաւ Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը, որ հոն ուր մարդկային ոյժերը ձախողեցան, Տէրը բոլորին պատգեւէ իմաստութիւնը եւ ոյժը, կերտելու ճշմարիտ խաղաղութիւնը։ Ան ապա աւելցուց ''մաղթանքս է որ այս աղօթքը ''վերակենդանացնէ յոյսը''։ Կարտինալ Փարոլին խօսեցաւ նաեւ Սուրիոյ կացութեան մասին պահանջելով կլոր սեղանի հաստատումը խաղաղ լուծում գտնելու սուրիական ընդհարումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.