2014-06-06 09:35:29

Ս. Կոյս Աստուածածինը՝ Մայրութեան տիպար


RealAudioMP3 Մեր հայոց եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւններուն մէջ յաճախ Ս. Կոյս Մարիամը, Երկնքի Թագուհին յորջորջուած է որպէս Անթառամ ծաղիկ, Շուշան դաշտերու, Խնդրակատար, Չարխաբան, Սափոր Ոսկի, որուն մէջ հանգչած է Կեանքի Հացը, եւ այն Ուխտի Տապանակը, որ իր մէջ կ՛ընկալէ Աստուծոյ Միածին Որդին: Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան Աստուածամօր շատ գեղեցիկ տաղ մը յօրինած է որուն մէջ կ՛ըսէ. « Երկինք երկիր կը հիանան գեղեցկութեանդ վրան. ո՛վ դիւթիչ ծիածան աստղ Առաւօտեան : Քու փառքերդ կը պատմեն Հրեշտակներն ամէն. արշալոյս լուասագեղ Կոյս ամենագեղ»:
Սակայն այս յօրջորջումներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ հաւատացեալներուն սրտին մէջ Ս. Աստուածածինին մայրութեան բնորոշումը: Այս բնորոշումը պիտի բացատրէ մեզի հռչակաւոր Ս. Թովմաս Վիլլանովացի, Սպանիոյ Վալէնցեա Քաղաքին արքեպիսկոպոսը: «Կը հարցնեմ ձեզ թէ ի՞նչ գեղեցկութիւն, ի՞նչ առաքինութիւն, ի՞նչ կատարելութիւն, ի՞նչ շնորհք կամ փառք կրնայ պակաս ըլլալ Աստուծոյ մօր վրայ : Ինչ որ կրնաք երեւակայեցէք. կոյս մը ամենամաքուր, ամենազգօն, ամենակատարեալ, ամենասուրբ, ամենախոնարհ, ամենաքաղցր. աւելցուցէք վրան ամէն կերպ սրբութիւն, ամէն տեսակ առաքինութիւն... բայց Մարիամ միշտ աւելի մեծ պիտի ըլլայ. Մարիամ միշտ առաւելագոյն պիտի ըլլայ. Մարիամ միշտ բարձրագոյն պիտի գտնուի» :

«Ի՞նչ կ՛ուզէք աւելի. եւ ի՞նչ ուրիշ պատուանուն մը կը փնտռէք Ս. Կոյսին վրայ : Մայր Աստուծոյ ըլլալն բաւական է»:
Ուստի, աստուածային այս մայրութենէն է, որ կը բխին Կուսին Մարիամու բոլոր մեծութիւնները, բոլոր շնորհքները եւ բոլոր փառքերը : Աստուածային Մայրութիւնն այնպիսի անսահման շնորհք մըն է, որ ոչ մարդիկ եւ ոչ հրեշտակներ կարող են ըմբռնել զայն:
Ս. Բերնարդին Սիենացի (1380- 1444) Փրանկիսկեան մեծ քարոզիչը, զոր կոչուած է «երկրորդ Պօղոս» Պիոս Բ. Քահանայապետի կողմէ, ըսած էր. «Այն վայրկեանէն, որ Մարիամ հաւանեցաւ ըլլալու Մայրը Յաւիտենական Խօսքին, վաստակեցաւ արժանիքը (արժանիքը ունեցաւ) դառնալու Տիրուհին ամբողջ աշխարհին եւ բոլոր արարածներուն»:
Մարիամ եղաւ նուիրեալ Կոյս: Իր կեանքը ամբողջութեամբ Աստուծոյ նուիրեց: Իր սիրտը, իր կամքը եւ իր ամբողջ էութիւնը Աստուծոյ սուրբ ձեռքերուն յանձնեց, որպէսզի զանոնք նուիրագործէ:
«Եղիցի՛ ինձ ըստ բանի քում»: Այս «Եղիցի՛»-ով Մարիամ իր լիուլի պատրաստակամութիւնը յայտնեց Աստուծոյ պատգամաւորին` հրեշտակին, Յիսուսի եւ ամբողջ մարդկութեան մայրը ըլլալու:
Այս խօսքն է որ որոշեց Աստուծոյ Մարդեղութիւնը: Ի սկզբանէ աշխարհի Արարիչը` Աստուած ուրիշ Եղիցի մը արտասանած էր. «եղիցի լոյս», թող լոյսն ըլլայ, ըսաւ , եւ լոյս եղաւ, սքանչելի Լոյս, Լոյս ճշմարիտ, լոյս աշխարհի, լոյս կենաց: Աստուծոյ «եղիցի»-ով աշխարհս ստեղծուեցաւ, իսկ Աստուածամօր «եղիցի»-ով, ծնաւ Քրիստոս աշխարհին Տէրը: «Իրմէ էր, որ ծնան նահապետներ, մարգարէներ, թագաւորներ» : «... ահաւասիկ այստեղ է կնոջ արժէքը, երբ ժողովուրդի առաջնորդութեան, ծառայութեան եւ այս աշխարհի բարօրութեան համար զաւակներ կը ծնի»:
«Մենք` որպէս հայ ժողովուրդ, մօր հանդէպ մեր ունեցած յարգանքն ու գուրգուրանքը կը գերադասենք մեր ազգային արժանիքներուն մէջ, որովհետեւ հայ մայրն է, որ ծնաւ հա՛յ սուրբերը, հայ մայրն է որ լիցքաւորեց հայ նահատակներու հայրենասէր ապրումները եւ, ի վերջոյ, հայ մայրն է, որ վերածնաւ կիզիչ անապատներուն աւազներուն տակ թաղուած հայ ժողովուրդը: Այսօր հայ մայրը, Աստուածամօր պատկերը իր վրայ ունենալով, կոչուած է դառնալու հայ ընտանիքին սրբազան սիւնը. հայ մօր ջամբած դաստիարակութեամբ ու հաւատքով պիտի աճի հայ մանուկը` դառնալու համար վաղուան առաջնորդը, հայ ժողովուրդի հաւատքին ու հայրենիքին, հայ մօրմէն ստացած ըլլալով վասն հաւատքի եւ վասն հայրենեաց նահատակուելու հերոսական ոգին: Մեծ է դերը հայ մօր` հայութեան գոյատեւման ու Հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.