2014-06-06 11:33:50

Իսրայէլ 1500 շէնք պիտի կառուցէ արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի մէջ


Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի շինարարութեան նախարար Ուրի Արիել նուազուրդներ յայտարարած է Արեւելեան Երուսաղէմի եւ Այսրյորդանանի հրէական բնակավայրերուն մէջ նոր շէնքերու կառուցման համար:
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ խօսքը 1500 նոր շէնքերու մասին է: Անոնց շինարարութիւնը Իսրայէլի իշխանութիւններուն պատասխանն է պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութեան կազմութեան, որ բաղկացած է անկուսակցականներէ, սակայն գոյացած է Համաս շարժումին հետ համաձայնութեան հիմամբ:
Իսրայէլացի նախարարը ըսած է, որ շինարարութիւնը «իսկական սիոնական պատասխան է ահաբեկչական կառավարութեան ստեղծման»: Ան ըսած է, որ Իսրայէլի իրաւունքն է շինարարութիւն կատարել ամբողջ երկրին տարածքին եւ նուազեցնել բնակարաններուն գիները:
Աղբիւրը կը գրէ, որ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ շինարարութեան իրականացումը կը հանդիպի պաղեստինցիներու դիմադրութեան, կը խափանէ տագնապի լուծման կարգաւորման գործին մէջ ձեռք բերուած լուծումներու իրականացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.