2014-06-06 12:24:27

''Առաջին սէրը չի մոռցուիր'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին մէջ։


''Հովիւներ նախ քան գիտնականներ, որ երբեք Քրիստոսը` իրենց առաջին սէրը, չեն մոռնար, ու կ՛ապրին անոր նմանութեամբ'', այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, Ուրբաթ 6 յունիսի առաւօտեան, սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։
''Ի՞նչպէս կ՛ընթանայ առաջին սէրը'', հարց տուաւ Քահանայապետը պատարագի մասնակցող քահանաներուն եւ աշխարհականներուն։
Հիմնուելով օրուան աւետարանին մէջ նշուած, Յիսուսի` Սիմոն Պետրոսի ուղղած հարցումին` ''Սիմոն Պետրոս կը սիրե՞ս զիս'' Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Այս հարցումը կ՛ուղղեմ ես ինծի, իմ եղբայրակից եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն'' ու յանձնարարեց ''երբեք չմոռնալ առաջին սէրը'' յորդորելով քահանաները գիտնականներ ըլլալէ առաջ, ձգտին ըլլալու հովիւներ։
Այս է երկրորդ հարցումը - յարեց Սրբազան Հայրը – ''ես յանձնառո՞ւ Հովիւ մըն եմ''։
''Եթէ մենք կորսնցուցած ենք ուղեցոյցը եւ կարող չենք համապատասխանել սիրոյ, չենք գիտեր ըլլալ հովիւներ, եւ չունինք այն համոզումը
թէ Տէրը` մեզ երբեք միայնակ չի թողուր, նոյնիսկ կեանքի ամենադժուար պահերու ընթացքին։Ան մեզի կ՛ըսէ հետեւէ ինծի։Այս ըլլալու է մեր վստահութիւնը։ Յիսուսի հետքերուն վրայ քալել։
Մեզի բոլորիս, քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ, Տէրը պարգեւէ շնորհքը վերագտնելու եւ յիշելու առաջին սէրը, ըլլալու հովիւներ եւ չամչնալու նուաստացումներէն։ Թող Ան մեզի պարգեւէ շնորհքը քալելու Յիսուսի հետքերով, շնորհքը` հետեւելու Անոր – եզրափակեց Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.