2014-06-05 13:43:17

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը ''Գնչուններու հովութեան պատասխանատուներուն հետ հանդիպում''։


Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս` Արամ Ա-ի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումին եւ համամիութենական աղօթքի աւարտին իր գրասենաեկին մէջ ընդունեց գերապայծառ Շարլս Տանիէլ Պալւօ` Քենիայի եւ Հարաւային Սուտանի մօտ առաքելական նուիրակ ու բնապահպանութեան եւ մարդկային բնակավայրերու ՄԱԿ-ի գրասենեակներու մօտ` Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ։ Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց` '' National Payer Breakfast'' հաստատութեան անդամ Տիար Տոկ Քոէ ու անոր ընկերացող շքախումբը հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ` 5 եւ 6 Յունիսին Վատիկանի մէջ գումարուած, ''Եկեղեցին եւ գնչուները` Աւետարանը հռչակել արուարձաններուն մէջ'' նիւթով, Գնչուներու Հովութեան պատասխանատուներու համաշխարհային հաւաքի մասնակիցներուն։
Ան ապա Վատիանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախագահեց Արեւելեան Ժողովի երբեմնի կառավարիչ` երջանկայիշատակ Կարտինալ Լուրտուսամիի յուղարկաւորութեան արարողութեան թաղման ու վերջին օծման կարգը։
Գնչուներու հովուութեան պատասխանատուներու համաշխարհային ժողովի մասնակիցներուն ուղղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Ձեր հաւաքը ունի որպէս բնաբան. ''Եկեղեցին եւ գնչուները` Աւետարանը հռչակել արուարձաններուն մէջ'' ։ Այս բանաբանը կը ներփակէ յիշատակութեան կապ մը` եկեղեցական հասարակութեան ու գնչու ժողովուրդներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ ը իրազիրար ճանչնալու եւ միասնաբար ընթանալուպատմութիւն, եւ կր ներկայացնէ հովուութեան ու նոր աւետարանութեան մարտահրաւէր։
Յաճախ գնչուները կ'ապրին ընկերութենէն մեկուսացուած եւ դիտուած որպէս կասկածելի ու թշնամի անհատներ։ Անոնք չեն մասնակցիր քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին։ Գիտենք թէ անոնք բարդ իրականութիւն մըն են, սակայն եւ այնպէս գնչու ժողովուրդը իր կարգին կանչուած է սատարելու հասարակաց բարիքին։ Ձեր հովուական աշխատանքով դուք կը դրսեւորէք Եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը։ Աւետարանը արդարեւ ուրախութեան լուր է ուղղուած բոլորին եւ մասնաւորապէս տկարին, լուսանցգրեալին։ Մենք կանչուած ենք անոնց երաշխաւորել մեր մօտիկութիւնը, մեր զօրակցութիւնը ու աշխատիլ անոնց յառաջդիմութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու։ Հարկաւոր է որ տեղական ու ազգային իշխանութիւնները իրենց նպաստը բերեն գնչու ժողովուրդին, բարւոքելով անոնց կեանքը։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց քաջալերելով գնչու ժողովուրդին հովուութեան պատասխանատուները վեհանձնութեամբ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը, ''որպէսզի անոնք ձեր մէջ տեսնեն Քրիստոսի նման զանոնք սիրող եղբայրներ ու քոյրեր։ Անոնց համար եղէք զանոնք հիւրընկալող ու սիրող Եկեղեցւոյ դիմագիծը''։
Ձեզի ամէնուդ կը հայցեմ Աստուծոյ օրհնութիւնը ու Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.