2014-06-04 11:07:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները` Աստուածպաշտութիւնը''։


Չորեքշաբթի, 4 Յունիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ու շարունակելով Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներու մասին իր խորհրդածութիւնները, խօսեցաւ Աստուածապաշտութեան պարգեւի մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը- այսօր պիտի կեդրոնանամ Սուրբ Հոգւոյն այն պարգեւի մասին որ կը դպչի մեր սրտին ու մեր ինքնութեան` Աստուածապաշտութիւնը։
Այս պարգեւը կը ներկայացնէ Աստուծոյ մեր պատկանելիութիւնը ու մեր խոր կապը Անոր հետ, կապ մը որ իմաստ կու տայ մեր բոլոր կեանքին ու մեզ ամուր հաղորդութեան մէջ կը պահէ Անոր հետ, նոյնիսկ ամենէ դժուար ու տագնապալից պահերուն։ Բարեկամութեան յարաբերութիւն մը, ապրուած սիրով որ մեզ ոգեւորութեամբ եւ ուրախութեամբ կը լեցնէ։ Աստուածապաշտութիւնը մեր մէջ կը զարթնեցնէ երախտագիտութեան եւ գոհաբանութեան զգացումները։ Միեւնոյն ատեն Աստուածապաշտութեան պարգեւը մեզ կ՛օգնէ այդ սէրը յատկացնելու մեր մերձաւորներուն ու զանոնք ճանչնալու որպէս եղբայրներ։ Այս պարգեւով մենք կարող կ՛ըլլանք խնդակցելու ուրախացողներուն հետ, ողբալու լացողներուն հետ, մօտիկ ըլլալու միայնակ ապրողներուն հետ, եւ կարիքաւորները հիւրընկալելու։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ըսաւ` հայցենք Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը որպէսզի յաղթահարենք մեր երկիւղը ու մեր անորոշութիւնները ու դառնանք Աստուծոյ ու Անոր սիրոյ ուրախ վկաները։ ''Թող Սուրբ հոգին մեզի շնորհէ Աստուածապաշտութեան պարգեւը'' եզրափակեց Քահանայապետը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
''Կը պատրաստուինք տօնախմբելու Պենետեկոստէի տօնը'', ըսաւ Քահանայապետը ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն հրաւիրեց զանոնք իրենց կեանքին մէջ տեղ տալու Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան. Մինչ հիւանդներուն հայցեց Սուրբ Հոգւոյ աստուածպաշտութեան եւ զօրութեան պարգեւը եւ նորապսակեալները հրաւիրեց իրենց ամուսնական կեանքին մէջ վկայակոչելու Սուրբ Հոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.