2014-06-04 09:56:20

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ Յարգէ՝ որ յարգուիս


Յարգանքը բնա՛ւ պարտադրելի չի կրնար ըլլալ: Փոխադարձ յարգանքի համար լսուած «յարգէ՝ որ յարգուիս» առածն ալ որոշ տեղ կ՛անդամալուծուի, որովհետեւ ոմանք կրնան պարտաւորութենէն փախչիլ, կամ պարզապէս գէթ առաջին ու վերջին անգամ ըլլալով, չընդունիլ յարգանքը փոխադարձելու հրահանգը եւ նոյնիսկ հրաժարիլ ուրիշներու յարգանքը ընդունելէ:
Ո՞վ պէտք է յարգուի, ինչո՞ւ եւ ինչքա՞ն ...Վիճարկումի նիւթեր են ասոնք եւ շատ ժամանակ կրնան խլել հետաքրքրուողներէն: Սակայն, յարգանքի շրջագիծը, շատ պարզ է. ՜՜ Մա՛րդը պէտք է յարգել, եւ ո՛չ թէ յարգել այն ամէն ինչի համար, որ կը պատկանի անոր, սկսեալ իր պաշտօնէն ու հանգամանքէն, դիրքէն ու համբաւէն, գիտութենէն եւ հարստութենէն՝՝:
Մարդը այս բոլորէն վեր կը մնայ իր ինքնագիտակցութեամբ:
Մարդուն ընծայուած յարգանքը անոր անձին ուղղուած պէտք է ըլլայ եւ ո՛չ թէ անոր ներկայացուցած հանգամանքին: Սակայն, հանգամանաւոր անձն ալ բնա՛ւ պէտք չէ մտահան ընէ, թէ ինք այդ հանգամանքը ստացած է եւ ո՛չ թէ անով իսկ աշխարհ եկած:
Բարոյալից առակներու շարքին անցած է այն, որուն գլխաւոր դերակատարը հովիւ մըն է, որ բախտի բերմամբ երկրի թագաւորին ուշադրութեան կ՛արժանանայ ու անոր հաւատարիմ նախարարներէն մէկը կը դառնայ: Ամէն անգամ պալատէն դուրս գալուն, հովիւը կողքի շէնքին մէջ կ՛առանձնանայ որոշ ժամանակի համար եւ ապա դուրս գալով իր ապարանքը կ՛ուղղուի:
Թագաւորին հաւատարիմներու միտքին մէջ կասկածներ կը յառաջանան այս նախարարի անձին շուրջ, մանաւանդ անոր առանձնանալը պալատի կողքի շէնքին մէջ մեծ հարցականներ կը ստեղծէ անոնց մօտ: Ուստի, իրենց մտահոգութիւնը թագաւորին կը պարզեն, առաջքը առնելու համար անսպասելի անախորժութիւններու կամ նոյնիսկ հաւանական դաւադրութեան մը: Սակայն, նախկին հովիւ նախարարը, պալատի կողքի այդ շէնքին մէջ առանձնանալով կը մտնէր յատուկ սենեակ մը եւ իր նախարարական շքեղ շրջազգեստը հանելով՝ կը հագնէր իր նախկին հովիւի վերարկուն:
Երբ թագաւորը իր մօտ կանչելով իր հաւատարիմ նախարարը հարց կու տայ թէ ինչո՞ւ կողքի շէնքի մէջ շրջազգեստը հանելով՝ կը հագնէր իր նախկին հովիւի վերարկուն, ան կը պատասխանէ թէ՝ ինք այդ միջոցին կը դիմէր ամէն օր, որպէսզի չմոռնայ որ ինք նախկին հովիւ էր եւ ո՛չ ազնուական: Այս միջոցին կը դիմէր ան, որպէսզի կարենար ականջալուր դառնալ այն բոլոր սովորական մարդոց, որոնք դիմէին իր օգնութեան, օժանդակութիւն խնդրելով: Ուստի, իր նախկին ինքնութիւնը յիշելու եւ ըստ այնմ սովորական մարդոց հետ վարուելու ինքնամարզումներ կը կատարէր ան, պալատական իր ժամը աւարտելէ եւ իր ապարանքը երթալէ առաջ:
Զգեստը, հանգամանքը, պաշտօնն ու պատիւը, փառքն ու շքեղութիւնը երբեք պէտք չէ՛ կարենան աւելի զօրաւոր հանդիսանալ, քան մարդկային համեստութիւնը, որ ինչպէս յիշուեցաւ, հազուագիւտ առաքինութիւններու շարքին պէտք է դասել: Առաքինութիւն, որ «շուկայի» վրայ հեշտօրէն կարելի չէ՛ գտնել:
Զգեստին ընծայուած յարգանքին մասին ունինք զաւեշտախառն այս պատմուածքը. ՜՜ իսլամ հանրածանօթ կրօնաւոր մը ճաշի կը հրաւիրուի, , ան առանց սքեմի կը ներկայանայ. եւ ամէնէն վերջին աթոռին վրայ կը նստի ու անօթի կը մնայ: Յաջորդ անգամ ան սքեմով կ՛երթայ նոյն վայրը, ու սեղանին գլուխը կը բազմեցնեն զինք: Սրամիտ կրօնաւորը սքեմին քղանցքը բռնած, ամանին մէջ կը մտցնէ, յորդորելով ատոր որ ուտէ՛, որովհետեւ յայտնապէս տրուած յարգանքն ու պատիւը սքեմին համար էր եւ ո՛չ թէ իր անձին՝՝:
Վա՛յ այն տարազաւորին կամ սքեմաւորին, որուն ընծայուած յարգանքը անձէն աւելի զգեստին կ՛երթայ, որովհետեւ անձը այդ պահուն ոչնչութեան կը վերածուի: Արժէքները արժանիքներու մէջ պէտք է փնտռել եւ ո՛չ թէ զգեստի ու արտաքին շպարի մէջ: Աշխարհի իսկական տգեղութիւնները ներքին տգեղութիւններն են, հոգեկան դէմքերու վրայ բացուած վէրքերը, տխեղծ ու այլանդակ դիմագիծերով եւ անհանդուրժելի ու աններդաշնակ գոյներով:
Իսկ թէ հոգեկան տգեղութիւնը կարելի՞ է դարմանել, այդ մասին Յիսուսի բարոյախօսութիւնը կ՛ապահովցնէ մեզ, որովհետեւ պոռնիկն ալ, որուն հոգեկան մուրը ո՛չ ոք կրնար մաքրել, արդարացաւ Անոր խօսքով: Նոյն ձեւով ալ բոլոր հոգեկան տգեղութիւնները, որոնք ընկերութեան կեանքը կը վտանգեն, կրնան բուժուիլ եւ գեղեցկանալ:
Հաւատացէ՛ք որ սա աւելի հեշտ աշխատանք է, քան ֆիզիքական տգեղութիւնը գեղեցկութեան փոխելու երբեմն ապարդիւն գործը: « Ոսկի ակնոցը, երբեք չի՛ փոխեր մարդու արժէքը »: Ուրեմն, Պէտք է մա՛րդը յարգել, անոր վրայ դրուած զարդը յարգելէ աւելի:







All the contents on this site are copyrighted ©.