2014-06-04 09:37:31

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը կոչ ուղղած է վերջ տալու Հայ-Ազրպէյճանական թշնամանքին


Շուէտական «Տը Լոքըլ» կայքը կը հաղորդէ, որ Զուիցերիոյ նախագահ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կոչ ուղղած է ջանքեր գործադրելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում տալու համար:
Պաքու կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Պուրքհալթեր նաեւ կոչ ուղղած է կողմերուն պահպանելու զինադադարի համաձայնագիրը:
Զուիցերիոյ նախագահը առաջարկած է Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ կատարել հանդիպում մը, որուն շնորհիւ բանակցային հոլովոյթին մէջ կրնայ նոր փուլ սկսիլ:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ Պաքուէն կը սկսի պաշտօնատարի եռօրեայ այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս: Կը նախատեսուէր, որ երեքշաբթի ան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ունենայ Վրաստանի մէջ, իսկ այսօր` Հայաստանի մէջ:
Նշենք, որ Պուրքհալթեր Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին ան քննարկած է ԵԱՀԿ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան նոր երեւոյթներ եւ կոչ ուղղած է իրականացնելու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի վերաբերեալ լարուածութիւնը նուազեցնող միջոցառումներ: Ան Ալիեւին կոչ ուղղած է քայլ առ քայլ շարժելու դէպի խնդիրի խաղաղ լուծում: Ան ըսած է, որ կ՛ողջունէ աշխուժացած բանակցութիւնները եւ յաջորդ նախագահական հանդիպումը` իբրեւ խաղաղ լուծման տանող համակարգուած հոլովոյթի մեկնակէտ:
Ուորլիք Կ՛ողջունէ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ կատարուած գրառումի մը մէջ ողջունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին կոչը` վարելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած համակարգուած բանակցութիւններ:
Պուրքհալթեր Հասաւ Հայաստան
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու դաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար Տիտիէ Պուրքհալթեր երէկ գիշեր պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց: Այցելութեան ծիրին մէջ այսօր կը նախատեսուին Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ նախագահներու երկկողմանի, ապա` պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները, որոնց աւարտին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Տիտիէ Պուրքհալթեր պիտի տան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
Զուիցերիոյ նախագահը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.