2014-06-03 08:47:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին գլխաւորած արարողութիւնները։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2014-ի Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին պիտի գլխաւորէ զանազան արարողութիւններ ու պիտի կատարէ հովուական այցելութիւններ որոնք պիտի պսակուին Հարաւային Քորէա կատարուած առաքելական միջազգային երրորդ ճամբորդութեամբ, Ասիայի Երիտասարդներու հաւաքին առթիւ։

Կիրակի, 8 Յունիս 2014-ին, Պենտեկոստէի տօնին առթիւ, Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
12 Յունիս 2014-ին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ, մի քանի սուրբերու սրբադասումի Կարդինալական վեհաժողովը։ Իսկ հինգշաբթի, 19 Յունիսին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, Հռոմի Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան հրապարակի վրայ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ աւանդական թափօր դէպէ Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ պազիլիքա ուր՝ Քահանայապետը կը գլխաւորէ ''Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան'' արարողութիւնը։
Շաբաթ, 21 յունիսին, Նորին Սրբութիւնը հովուական այցեութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Քասսանօ ալ Եոնիօ թեմին։
Կիրակի, 29 յունիսին, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքելապետերու տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը կատարուի նաեւ Պալիումի տուչութեան աւանդական արարողութիւնը նորանշանակ Մեթրոպոլիտներուն։
Շաբաթ, 5 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Քամբոպասսօ եւ Իզէրնիա թեմերուն։
Իսկ Չորեքշաբթի, օգոստոս 13-ին սկիզբ կ՝առնէ, Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 3-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Հարաւային Քորէա Ասիայի երիտասարդներու 6-րդ օրուան առթիւ։ Առաքելական ճամբորդութիւնը վերջ կը գտնէ օգոստոս 18-ին։









All the contents on this site are copyrighted ©.