2014-06-03 08:50:53

Սպանիոյ Թագաւորը գահէն հրաժարեցաւ իր զաւկին փոխանցելով թագաւորութիւնը։


76 տարեկան Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոս որ 1975-էն ի վեր կ՛իշխէ Սպանիոյ թաէաւորութեան երէկ սպանացիներուն ուղղած մէկ պատգամին մէջ յայտնեց թէ որոշած է հրաժարիլ գահէն իր զաւկին թողելով թագաւորութիւնը:
Վերջին շրջանին Սպանիոյ թագաւորին անունը մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած էր հիմնականին մէջ անոր դիմագրաւած առողջական խնդիրներուն պատճառով, սակայն ան նաեւ գայթակղութիւններու հերոս էր. մինչ Սպանիոյ մէջ տնտեսական ճգնաժամ գոյութիւն ունի, ան փիղերու թանկարժէք որսի գացած էր:
«Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» նոյն առնչութեամբ կը յայտնէ, որ Խուան Քարլոս թագաւորը գահէն կը հրաժարի յօգուտ իր որդիին` գահաժառանգ Ֆիլիփէի:







All the contents on this site are copyrighted ©.