2014-06-03 08:53:23

Սուրիոյ մէջ Նախագահական ընտրութիւն


Սուրիոյ մէջ այսօր տեղի կ’ունենայ նախագահական ընտրութիւն: Իտալական «Լ’Էսփրեսօ» օրաթերթը երէկ անդրադառնալով ընտրութեան նախագահ Պաշշար Ասատի յաղթանակը նախատեսեց` աւելցնելով, որ վարչակարգը «երթանք ընտրական կեդրոններ, որպէսզի կառուցենք Սուրիոյ յաղթանակը» կարգախօսով կը փորձէ ոչնչացնել ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու ուրուականը:
Վարչակարգն ու 23 միլիոն սուրիացիներ, որոնցմէ 9 միլիոնը իրենց տուներէն հեռու է, չեն կասկածիր, որ 48 տարեկան Ասատ 3¬րդ անգամ ըլլալով պիտի ստանձնէ նախագահի պաշտօնը:
Ասատի մրցակիցներն են գործարար, Ասատի կառավարութեան նախկին նախարար Հասան Ապտել Իլլահի Նուրին (59 տարեկան) եւ հալէպցի համայնավար Մահեր Ապտել Հաժժարը(43 տարեկան), որ քաղաքացիական պատերազմին սկիզբը հակակառավարական խաղաղ ցոյցեր կը կազմակերպէր: Ներկայիս անոր աշխատասենեակին մէջ կախուած է Ասատի դիմանկարը:
Ընդդիմադիրներն ու արեւմտեան երկիրներու ղեկավարները ընտրութիւնը կեղծիք կը նկատեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.