2014-06-02 12:11:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2 Յունիսի թուիթն ու քարոզը։


Երկուշաբթի, 2 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարնկելով, թշուառներուն եւ խեղճերուն, թուիթերեան իր կայքին վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը.`
''Երբեմն՝ մենք մեր մէջ կը փակուինք...Տէր` օգնէ մեզի դուրս ելլելու ու երթալու դէպի ուրիշը եւ ծառայելու տկարներուն։

Իսկ առաւօտեան Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, որուն մասնակցեցան նաեւ ամուսնութեան 25, 50, եւ 60 րդ յոբելեանը նշող՝ 15 ընտանիքներ, Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը կեդրոնացուց Սուրբ Պսակի խորհուդին վրայ, յայտնելով երեք կարեւորագոյն յատկանիշեր, պահպանելու Սուրբ Պսակի Սէրը. Հաւատարմութիւն, յարատեւութիւն եւ բեղունութիւն։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա անդրադարձաւ Յիսուսի ունեցած սիրոյ՝ հանդէպ եկեղեցւոյ, որ է հաւատարիմ , յարատեւ, բեղուն հակառակ որ եկեղեցին մեղաւոր է։








All the contents on this site are copyrighted ©.