2014-06-02 09:58:35

Պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը պիտի յայտարարուի այսօր


Պաղեստինեան իշխանութեան նախարար Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Համասի հետ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը «պիտի յայտարարուի երկուշաբթի օր` հակառակ իսրայէլեան սպառնալիքներուն»:
Ապպաս շաբաթ օր պաղեստինեան դատին զօրակցող ֆրանսացիներու մէկ պատուիրակութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Իսրայէլացիները մեզի յայտնեցին, որ եթէ կառավարութիւն կազմենք, մեզ պոյքոթի պիտի ենթարկեն: Միւս օր պիտի յայտարարենք կառավարութիւնը, որ կազմուած է անկախ եւ ատակ անձերէ, որոնք Ֆաթհի, Համասի կամ որեւէ այլ կազմակերպութեան անդամ չեն»:
«Ռոյթըրզ» երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նախազգուշացուցած է, որ աշխարհ պէտք չէ շտապէ ճանչնալու պաղեստինցիներու ազգային միութեան կառավարութիւնը, որ կը հռչակուի Ֆաթըհ եւ Համաս շարժումներու համաձայնութեան լոյսին տակ:
Ըստ լրատու գործակալութեան, կազմուելիք կառավարութեան մէջ չէզոք քաղաքական կողմնորոշում ունեցող նախարարներու ընդգրկումը կրնայ դիւրացնել Արեւմուտք-պաղեստինեան նոր կառավարութիւն յարաբերութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.