2014-06-02 09:39:18

Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպաններու միջեւ գերիներու փոխանակում


28 տարեկան ամերիկացի ենթասպայ Պոուի Պերկտահլ երէկ Հարաւարեւելեան Աֆղանիստանի մէջ փոխանցուեցաւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն` Թալեպաններուն հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մը ծիրին մէջ: Ուաշինկթըն փոխարէնը ազատ արձակեց Կուանթանամոյի արգելափակման ճամբարին մէջ գտնուող 5 աֆղան բարձրաստիճան արգելափակեալներ:
Փենթակոն քննադատութեան թիրախ դարձաւ արգելափակման ճամբարէն բանտարկեալներու ազատ արձակումէն 30 օր առաջ Քոնկրեսը տեղեակ չպահելուն համար: Սակայն պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ ողջունեց զինուորին ազատ արձակումը: Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայ եւս փոխանակման գործողութենէն ետք տեղեակ պահուեցաւ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնութիւնը գոյացած է իր միջնորդութեամբ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Քաթարէն ապահովական երաշխիքներ ստացած է, որ «պիտի որդեգրէ միջոցառումներ` պաշտպանելու համար մեր ազգային ապահովութիւնը»: Աֆղաններուն պիտի արգիլուի առնուազն մինչեւ մէկ տարի հեռանալ Քաթարէն:
«Մայատին» հաղորդեց, որ Աֆղան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ գերիներու փոխանակումը կրնայ երկրին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին նպաստել:







All the contents on this site are copyrighted ©.