2014-06-02 10:01:47

Կաթողիկէ-Օրթոտոքս Եւրոպական համամիութենական 4-րդ հանդիպումը
Պիելոռուսիոյ մէջ


Երկուշաբթի, 2 յունիսին,Պիելոռուսիոյ Մինսքի մայրաքաղաքին մէջ սկիզբ կ՝առնէ, Եւրոպական համամիութենական Կաթողիկէ-Օրթոտոքս 4-րդ հանդիպումը՝ ''կրօնք եւ մշակութային զանազանութիւն, Եւրոպայի մարտահրավէրները եկեղեցւոյ ի նպաստ'' խորագիրով։
Համամիութենական հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Օրթոտոքս եկեղեցիէն 12 ներկայացուցիչներ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ այլ 12 ներկայացուցիչներ։
Հանդիպումին՝ բացումը կը կատարեն Պիելոռուսիոյ՝ Օրթոտոքս Պատրիատքական էքզարքութեան՝ Մեթրոպոլիտ՝ գերապայծառ Փաւէ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Մինսքի թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայածառ Թատէուս Քոնտրուսէվիջ։
Համամիութեանական ժողովի աշխատանքները կը ներկայացնեն՝
հանդիպումին համանախագահները՝ Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ Փիթէր Էրտօ եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութենէն Մէթրոպոլիթ՝ Ճէննատիոս Տի Սասսիման։
Հանդիպումի ընթաքին կը քննարկուին կրօնային հարցեր, մշակութային՝ զանազանութիւններու հայող նիւթեր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու մարտահրաւէրներն ու կրօնական ազատութիւնր։
Նիւթերու շարքին կ՛արծարծուին նաեւ, Եկեղեցիներու դերակատարութինը՝ քրիստոնէական գիտակցութեան զարգացման շրջագիծէն ներս եւ եւրոպական ժամանակակից բազմամշակութային ընկերութենէն ներս մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու դերը, երկխօսութեան հարկաւորութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ բարոյականի վերակառուցումը ։
Կաթողիկէ-Օրթոտոքս Եւրոպական համամիութենական 4-րդ հանդիպումը վերջ կը գտնէ հինգշաբթի, 5 Յունիսին, եզրափակիչ պատգամով մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.