2014-06-02 09:39:12

Եւրոպական Խորհուրդը կը դատապարտէ. Պոլսոյ մէջ առնուազն 120 ցուցարար ձերբակալուած Է


«Ուըրլտպուլեթին» կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ շուրջ 120 մարդ ձերբակալուած է, երբ ոստիկանութիւնը բիրտ կերպով միջամտած է եւ փորձած ցրուել բողոքի ցոյցին մասնակիցները, որոնք փողոց դուրս եկած էին նշելու համար անցեալ տարի «Կեզի» զբօսայգիի բողոքի ցոյցերուն առաջին տարեդարձը: Նշենք, որ ցոյց մը տեղի ունեցաւ նաեւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործած է` ցրուելու համար ցուցարարները: Ըստ Պոլսոյ ոստիկանապետ Սելամի Աթինոքի, չորս ոստիկան վիրաւորուած է, ներառեալ` ոստիկանապետի տեղակալը:
Թաքսիմի համերաշխութեան խումբը կոչ ուղղած էր զանգուածային բողոքի ցոյց կատարելու «Կեզի» զբօսայգիի բողոքի ցոյցերուն առաջին տարեդարձին օրը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կատարած էր յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով երիտասարդ թուրքերուն չնշելու բողոքի ցոյցերու տարեդարձը:
Ոստիկանութիւնը անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ձեռնարկած էր քաղաքին մէջ: Շուրջ 25 հազար ոստիկան շրջապատած էր Թաքսիմի հրապարակը, որ անցեալ տարուան ցոյցերու կեդրոնը եղած էր, ապա վերածուելով ամբողջ երկրին տարածքին հակակառավարական ցոյցերու մեծ ալիքի: Բողոքի ցոյցերուն ընթացքին անցեալ տարի 8 զոհ արձանագրուած էր:
Եւրոպական խորհուրդը դատապարտեց ցուցարարներուն դէմ թրքական ոստիկանութեան «բիրտ» միջամտութիւնը:
Ցոյցերը երէկ շարունակուեցան Անգարայի մէջ, ուր ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց` ցրուելու համար ցուցարարները:
Նշենք, որ շաբաթ օր ձերբակալուածներու շարքին էր «Սի. Էն. Էն.»-ի լրագրող մը, որ ցոյցի վայրէն ուղղակի սփռումի ընթացքին թրքական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.