2014-06-01 13:20:35

Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթք եւ կոչ՝
Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ափրիկէի խաղաղութեան ի նպաստ


Կիրակի, 1 յունիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը, խորհրդածութիւն մը կատարեց, որուն սկիզբը յայտնեց, թէ այսօր կը տօնուի Յիսուսի համբարձումը դէպի երկինք։ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը, կեդրոնացաւ Յիսուսի առաքելաներուն տուած պատուէրին վըայ՝ երթալ եւ աշակերտել բոլոր ազգերը։ ՝՝Յիսուս կը մեկնի իր Հօր մօտ եւ կը պատուիրէ իր աշակերտներուն՝ երթալ դէպի համայն աշխարհ՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ապա ընդգծեց՝ Յիսուսի մեկնիլը չնշանակեր, թէ Յիսուս բաժնուեցաւ մեզմէ , Ան կը մնայ միշտ մեր հետը՝ նոր ձեւով։ Յիսուսի համբարձումը դէպի երկինք, Առաքեալներու եւ մեր հայեացքը կր ներգրաւէ, որպէսզի մեր աչքերը սեւեռենք դէպի երկինք, ու մեզի կը յատնէ , թէ մեր ուղեւորութեան նպատակն է՝ Հայրը։ Յիսուս կր շարունակէ ներկայ ըլլալ ու գործել մարդկային իրադարձութիւններուն մէջ՝ Սուրբ Հոգիի պարգեւներու եւ զօրութեամբ. Ան կը գտնուի իւրաքանչիւրի մօտ, հակառակ՝ որ չենք տեներ Զինք ։ Ան գոյութիւն ունի։ Յարուցեալ Յիսուսը նեցուկ կը կանգնի նաեւ հալածուած քրիստոնեաներուն՝ իւրաքանչիւր Այր կամ կնոջ մօտ, որ կը տառապի։ Յիսուս ներկայ է նաեւ Եկեղեցւոյ միջոցաւ, Ինքն է, որ պատուիրեց երթալու եւ աշակերտելու բոլոր ազգերը։ Այս հրաւէրը հրամայական է ընդգծեց Սրբազան Հայրը։
Խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկսոս Պապը ըսաւ. ՝՝Առանց Յիսուսի, ոչ մէկ բան կրնանք գործել։ Առաքելական աշխատանքներու համար՝ բաւարար չեն մեր ուժերը, կառոյցները, նոյնիսկ՝ եթէ անոնք անհրաժեշտ կը թուին։ Առանց Յիսուսի ներկայութեան եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեան՝ մեր աշխատանքները՝ նոյնիսկ լաւ կազմակերպուած , ի զուր են։
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը ըսելով. ՝՝Յիսուսի ընկերակցութեամբ՝ թող Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ Մեր Մայրը՝ առաջնորէ մեզ։Ան, արդէն կը գտնուի Հօր տան մէջ եւ երկնքի թագուհին է։
Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք, ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակը գտուող հազարաւոր ժամանած ուխտաւորներուն ու ապա դարձեալ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ափրիկէի ի նպաստ, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ. ՝՝կը վերանորոգեմ իմ կոչս, բոլոր հակամարտող կողմերուն,
որպէսզի անհասկցողութիւնները գերազանցուին եւ համբերութեամբ, երկխօսութիւնը եւ համերաշխութիւնը՝ փնտռուին։
Մարիամ Խաղաղութեան թագուհին, օգնական ըլլայ մեզի ըսաւ Սրբազան Հայրը իր կոչի աւարտին,ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.