2014-05-31 11:32:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Ընկերային հաղորդամիջոցներու 48-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ։


`''Հաղորդակցութիւնը ի սպաս հանդիպման հարազատ մշակոյթին''։
Կիրակի 1 յունիսին կը նշուի Հաղորդամիջոցներու 48-րդ համաշխարհային օրը, հաստատուած Վատիկանի Տիեզերական Բ. Ժողովէն ետք, 1963-ին։ Անցեալ 24 Յունուար 2014-ին ընկերային հաղորդամիջոցներու եւ լրագրողներու պաշտպան Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեզացիի (1567-1622) տօնին նախօրեակին, Վատիկանի մէջ ներկայացուցեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 48-րդ Համաշխարհային Օրուան առթիւ հրատարակած իր անդրանիկ պատգամը։
''Այսօր կ՚ապրինք օր ըստ օրէ աւելի «փոքրացող» աշխարհի մը մէջ, ուր աւելի հեշտ ըլլալ կը թուի իրարու մօտենալ։ Փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու զարգացումը մեզ իրարու կը մօտեցնէ, մեզ աւելի իրարու կը կապէ, եւ համաշխարհայնացումը մեզ իրարմէ կախեալ կը դարձնէ։ Այսուհանդերձ, մարդկութեան մէջ կը գոյատեւեն բաժանումները, յաճախ շատ խորացուած։ Համաշխարհային գետնի վրայ կը տեսնենք գայթակղալի տարբերութիւնը մեծահարուստներու պերճանքին եւ աղքատներու թշուառութեան միջեւ։ Յաճախ կը բաւէ քաղաքի մը փողոցները իջնել՝ տեսնելու համար հակադրութիւնը մայթերու վրայ ապրող մարդոց եւ վաճառատուներու շողացող լոյսերուն միջեւ։ Այս երեւոյթին այնքան ընտելացած ենք որ, այլեւս ուշադրութիւն անգամ չենք դարձներ։ Աշխարհ կը տառապի վանողականութեան, լուսանցքայնացման եւ աղքատութեան բազմաթիւ ձեւերէ, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններէ ուր կը միախառնուին տնտեսական, քաղաքական, գաղափարական եւ, դժբախտաբար, նոյնիսկ կրօնական պատճառներ։
Այսպիսի աշխարհի մը մէջ, հաղորդամիջոցները կրնան օգնել որպէսզի իրարու աւելի մօտ զգանք, ըմբռնենք մարդկային ընտանիքի միասնութեան վերանորոգուած մէկ իմաստը, որ կ՚առաջնորդէ միասնականութեան եւ լուրջ յանձնառութեան ի խնդիր աւելի արժանավայել կեանքի մը։ Լաւ հաղորդակցիլը կ'օգնէ մեզի իրարու մօտենալու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու, աւելի միացած ըլլալու։ Մեզ բաժնող պատերը կրնան փուլ գալ այն պարագային միայն երբ պատրաստ ենք իրար մտիկ ընելու եւ մէկը միւսէն սորվելու։ Պէտք ունինք տարակարծութիւնները կարգադրելու այնպիսի երկխօսութիւններու միջոցաւ, որոնք կարելիութիւնը կ՚ընծայեն մեզի մեծնալու իրարհասկացողութեան եւ յարգանքի մէջ։ Հանդիպումի մշակոյթը կը պահանջէ որ տրամադիր ըլլանք ոչ միայն տալու, այլ նաեւ ուրիշներէն ընդունելու։ Հաղորդամիջոցները մեզի կրնան օգնել այս մարզէն ներս, մանաւանդ այսօր, երբ մարդկային հաղորդակցութեան ցանցերը արտակարգ զարգացում մը արձանագրած են։ Մանաւանդ Համացանցը կրնայ մեզի ընծայել բոլորին միջեւ հանդիպումի եւ միասնականութեան աւելի մեծ կարելիութիւններ, եւ ասիկա լաւ բան մըն է, Աստուծոյ մէկ պարգեւն է։ Այսուհանդերձ, կան խնդրայարոյց երեւոյթներ. տեղեկատուութեան արագութիւնը կը գերազանցէ մտածելու եւ դատելու մեր կարողութիւնը եւ չարտօներ սեփական չափաւոր եւ ճիշդ արտայայտութիւն մը։ Արտայայտուած կարծիքներու այլազանութիւնը կրնայ նկատուիլ որպէս հարստութիւն մը, սակայն կրնայ ըլլալ նաեւ որ մենք զմեզ արգելափակենք միայն մեր ակնկալիքներուն ու միտքերուն, եւ նոյնիսկ քաղաքական ու տնտեսական որոշ շահերու համապատասխանող տեղեկութիւններու ոլորտի մը մէջ։
Հաղորդակցական միջավայրը կրնայ օգնել մեզի մեծնալու, կամ, ընդհակառակը, ապակողմնորոշուելու։ Թուայնային կապի ցանկութիւնը կրնայ ի վերջոյ մեզ հեռացնել մեր ապագայէն, մեր ամէնէն մօտիկ դրացիներէն։ Տակաւին առանց մոռնալու անոնք որոնք զանազան պատճառներով ընկերային հաղորդամիջոցներէ ներս մուտք գործելու հնարաւորութիւնը չունին, եւ դուրս ձգուած են։
Այս սահմանները իրական են, սակայն չեն կրնար արդարացնել ընկերային հաղորդամիջոցներու մերժում մը. անոնք մեզի կը յիշեցնեն մանաւանդ որ հաղորդակցութիւնը վերջին հաշուով աւելի մարդկային նուաճում մըն է քան արհեստագիտական։
Հետեւաբար, թուային շրջապատին մէջ ի՞նչ բան կ'օգնէ մեզի մեծնալու մարդկայնօրէն եւ փոխադարձ հասկացողութեան մէջ, հարց կու տայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, շեշտելով լռելու եւ դիմացինը մտիկ ընելու անհրաժեշտութիւնը աշխարհին նայելու համար նաեւ տարբեր մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու ընդմէջէն եւ աւելի լաւապէս գնահատելու համար քրիստոնէութեան մեծ արժէքները։ «Ուրեմն, կը շարունակէ Քահանայապետը, հաղորդակցութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ի սպաս ըլլալ հանդիպման հարազատ մշակոյթի մը։ Եւ մեզի՝ Տիրոջ աշակերտներուս համար, ըստ Աւետարանին ի՞նչ կը նշանակէ հանդիպիլ անձի մը։ Ինչպէ՞ս կարելի է, հակառակ մեր բոլոր սահմանափակումներուն եւ մեղքերուն, իրապէս իրարու, մէկը միւսին մօտիկ ըլլալ։ Այս հարցումները կ՚ամփոփուին այն հարցումին մէջ, զոր օր մը դպիր մը, այսինքն հաղորդակցավար մը, ուղղեց Յիսուսին. «Եւ ո՞վ է իմ մերձաւորս»։ Այս հարցումը մեզի կարելիութիւնը կու տայ հասկնալու հաղորդակցութիւնը՝ մերձաւորութեան եզրերով։ Զայն կրնանք բացատրել հետեւեալ ձեւով.- Ինչպէ՞ս կը յայտնուի «մերձաւորութիւնը» հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործումին եւ թուայնային արհեստագիտութեամբ ստեղծուած նոր միջավայրին մէջ։ Պատասխան մը կը գտնեմ բարի Սամարացիի առակին մէջ, որ նաեւ հաղորդակցավարի առակ մըն է։ Արդարեւ, այն որ կը հաղորդակցի մերձաւոր կ'ըլլայ։ Եւ բարի Սամարացին ոչ միայն ինքզինք մերձաւոր կ՚ընէ, այլ յանձն կ'առնէ մարդը որ կիսամեռ վիճակի մէջ կը տեսնէ ճամբուն եզերքը։ Յիսուս կը շրջէ պատկերը. Միւսը որպէս իմ նմանս ճանչնալու հարց չէ, այլ ինքզինքս միւսին նման դարձնելու կարողութեանս հարց է։ Ուրեմն, հաղորդակցիլ կը նշանակէ մարդկային, Աստուծոյ որդիներ ըլլալու գիտակցութիւնը ունենալ։ Հաղորդակցութեան այս զօրութիւնը կը սիրեմ բնորոշել «մերձաւորութիւն»։
Երբ հաղորդակցութիւնը սահմանուած է ամէն բանէ առաջ սպառման կամ մարդիկը շահագործելու, դէմ յանդիման կը գտնուինք բուռն յարձակումի մը, նման աւազակներու կողմէ վիրաւորուած եւ ճամբու եզրին լքուած մարդու մը վրայ գործուած յարձակումին, ինչպէս կը կարդանք առակին մէջ։ Այս մարդուն մէջ՝ ղեւտացին կամ քահանան իրենց մերձաւորը չեն տեսներ, այլ օտարական մը, որմէ հեռու մնալ նախընտրելի էր։ Այս պահուն, զիրենք պայմանաւորողը ծիսական զտումի կանոններն էին։ Այսօր, վտանգ կայ որ կարգ մը հաղորդամիջոցներ մեր իրական մերձաւորը անգիտանալու չափ մեզ պայմանաւորեն։ Չի բաւեր թուային «ճամբաներու» երկայնքին քալել, այսինքն պարզապէս կապուած ըլլալ. կապին պէտք է ուղեկցի ճշմարիտ հանդիպում մը։ Չենք կրնար առանձին ապրիլ, փակուած մենք մեր վրայ։ Պէտք ունինք սիրելու եւ սիրուելու։ Պէտք ունինք խանդաղատանքի։ Հաղորդակցութեան ռազմագիտութիւնները չէ որ կ՚երաշխաւորեն անոր գեղեցկութիւնը, բարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Հաղորդամիջոցներու աշխարհը չի կրնար անտարբեր ըլլալ մարդկութեան մասին մտահոգութեան, ան կոչուած է արտայայտելու խանդաղատանքը։ Թուային ցանցը կրնայ մարդկայնութեամբ լեցուն կապ մը ըլլալ, ոչ միայն թելերու, այլ մարդկային էակներու ցանց մը։ Հաղորդամիջոցներու չէզոքութիւնը երեւութական է միայն. Յղումի կէտ մը կրնայ հանդիսանալ միայն այն որ կը հաղորդակցի ինքզինք խնդրոյ առարկայ դարձնելով։
Անձամբ մասնակցութիւնը հիմքն է հաղորդակցավարի մը վստահելիութեան։ Այս պատճառով, Քրիստոնէական վկայութիւնը, շնորհիւ համացանցին, կրնայ հասնիլ կեանքին շրջապատները։ Յաճախ կը կրկնեմ. փողոց ելլող արկածահար Եկեղեցւոյ մը, եւ ինքնալուր հիւանդ Եկեղեցւոյ մը միջեւ, կասկած չունիմ. կը նախընտրեմ առաջինը։ Եւ ճամբաները՝ ճամբաներն են աշխարհին ուր մարդիկ կ՚ապրին, ուր կարելի է անոնց միանալ իրապէս եւ սիրով։ Այս ճամբաներու շարքին, կան նաեւ թուային ճամբաները՝ լեցուն յաճախ վիրաւոր մարդկայնութեամբ. այրեր ու կիներ՝ որոնք փրկութիւն մը կամ յոյս մը կը փնտռեն։ Դարձեալ շնորհիւ համացանցին, քրիստոնէական պատգամը կրնայ ճամբորդել «երկրին մինչեւ ծայրամասերը»։ Եկեղեցւոյ դռները բանալ կը նշանակէ զանոնք բանալ նաեւ թուային շրջապատին մէջ, ըլլայ որպէսզի մարդիկ մտնեն, ինչպիսին ալ ըլլան կեանքի պայմանները հոն ուր կը գտնուին, ըլլայ որպէսզի Աւետարանը կարենայ դուրս գալ տաճարի շեմէն եւ բոլորին ընդառաջ երթալ։ Կոչուած ենք վկայելու Եկեղեցի մը, որ բոլորին տունը ըլլայ։ Ի վիճակի՞ ենք փոխանցելու նման Եկեղեցւոյ մը դիմագիծը։ Հաղորդակցութիւնը կ՚օգնէ ձեւաւորելու ամբողջ Եկեղեցւոյ առաքելական կոչումը, եւ այսօր ընկերային ցանցերը՝ հաւատքին գեղեցկութիւնը, Յիսուսին հետ հանդիպման գեղեցկութիւնը վերագտնելու այդ կոչը ապրելու վայրերէն մէկն են։ Նոյնիսկ հաղորդակցութեան շրջագիծէն ներս պէտք ունինք Եկեղեցւոյ մը, որ կը յաջողի ջերմութիւն բերել, սիրտը գրկել։ Քրիստոնէական վկայութիւնը չիրականացուիր կրօնական պատգամներ ռմբակոծելով, այլ ճշմարտութեան եւ մարդկային գոյութեան իմաստի որոնման ճամբուն վրայ, «համբերութեամբ եւ յարգանքով ուրիշներու հարցերուն եւ կասկածներուն խառնուելու պատրաստակամութեան ընդմէջէն» (Բենեդիկտոս ԺԶ., Ընկերային Հաղորդամիջոցներու 47-րդ Համաշխարհային Օրուան Պատգամ) անոնց նուիրուելու կամեցողութեամբ։ Մտածենք Էմմաուսի աշակերտներու դրուագի մասին։ Պէտք է երկխօսութիւն հաստատել գիտնալ այսօրուան մարդոց եւ կիներուն հետ, հասկնալու համար անոնց սպասումները, կասկածները, յոյսերը, եւ անոնց առաջարկելու համար Աւետարանը, այսինքն Յիսուս-Քրիստոսը։ Աստուած մարդացաւ, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ ազատելու համար մեղքէն ու մահէն։ Մարտահրաւէրը կը պահանջէ խորք, ուշադրութիւն կեանքին, հոգեւոր զգայնութիւն։ Երկխօսիլ կը նշանակէ համոզուած ըլլալ որ դիմացինը ըսելիք լաւ բան մը ունի, տեղ տալ անոր կարծիքին, անոր առաջարկներուն։ Երկխօսիլ չի նշանակեր հրաժարիլ սեփական գաղափարներէն եւ աւանդութիւններէն, այլ՝ անոնց եզակի եւ բացարձակ ըլլալու յաւակնութենէն։ Թող մեզի առաջնորդ ըլլայ պատկերը բարի Սամարացիին, որ վիրաւոր մարդուն վէրքերը կը դարմանէ անոնց վրայ իւղ եւ գինի թափելով։ Թող մեր հաղորդակցութիւնը ցաւին համար անուշաբոյր իւղ մը ըլլայ եւ ուրախութեան լաւ գինին։ Մեր ճառագայթումը չի բխիր խարդախ հնարքներէ եւ յատուկ խաղերէ, այլ ճամբու երկայնքին վիրաւոր ոեւէ անձի սիրով եւ խանդաղատանքով մենք զմեզ մօտիկ զգացնելու մեր կարողութենէն։ Մի վախնաք թուային երկրամասի քաղաքացիները ըլլալէ։ Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնն ու ներկայութիւնը կարեւոր են հաղորդակցութեան աշխարհէն ներս, երկխօսելու համար այսօրուան մարդուն հետ եւ զինք առաջնորդելու Յիսուսին հետ հանդիպումին. Եկեղեցի մը, որ ճամբուն վրայ կ'ուղեկցի եւ գիտէ քալել բոլորին հետ։ Այս շրջագիծին մէջ, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու յեղափոխութիւնը մեծ եւ գրաւիչ մարտահրաւէր մըն է, որ կը պահանջէ թարմ ուժեր եւ նոր երեւակայութիւն մը ուրիշներուն փոխանցելու համար Աստուծոյ գեղեցկութիւնը։
Վատիկան, 24 Յունուար 2014, Յիշատակ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալեզացիի։
ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ








All the contents on this site are copyrighted ©.