2014-05-31 13:25:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի թշուառ մանուկներուն։


Շաբաթ, 31 Մայիսին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը կարտինալ Մարք Ուելլէն, որմէ ետք ընդունեց Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներու վերջին խումբը, որոնք 12 Մայիսէն – 31 Մայիս Հռոմ ժամանած էին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12,30-ին, Նորին Սրբիութիւնը, Պօղոս Զ անուան սարհին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց շուրջ 500 թշուառ երախաներուն, որոնք Հռոմ կը գտնուին ''Լոյսի յայտնաբերողներ'' բնաբանով, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուդի կողմէ եւ Իտալիոյ շոգեկառքի ազգային ընկերութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկով։ Ձեռնարկին մասնակցեցան Իտալիոյ՝ Նափոլի եւ Հռոմ քաղաքներէն վեց դպրոցներու, 9 -10 տարեկան թշուառութեան մէջ ապրող աշակերտներ։
Երախաներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սիրալիր խօսակցութիւն մը ունեցաւ անոնց հետ, հարցեր տալով անոնց` խաւարի, յոյսի, սիրոյ եւ ուրախութեան մասին ու անոնցմէ ակնկալելով պատասխաններ։ ''Մենք - ըսաւ Սրբազան Հայրը - լոյսի զաւակներ ենք ու հրաւիրեց զանոնք յառաջ տանելու սիրոյ պատգամը աւելի լաւ աշխարհի մը ձգտելու համար։ ''Լոյսն ու սէրը մեզի կու տան ուրախութիւն'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա` հանդիպման աւարտին, օրհնեց բոլորը։ Հանդիպումի ընթացքին մանուկները, Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին ։
Յայտնենք որ այսօր` երեկոյեան ժամը 8-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող՝ Լուրտի Տիրամօր նուիրուած Քարայրին առջեւ կ՛եզրափակէ Մարեմեան ջերմեռանդութեան ամիսը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` Վատիկանի պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները







All the contents on this site are copyrighted ©.