2014-05-31 11:07:03

Ֆիուլէ Կը Զօրակցի Ուքրանիոյ, Վրաստանի Եւ Մոլտաւիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան տրամադրման


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնած է, որ ինք կը զօրակցի Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ` Եւրոպական Միութեան «լիարժէք անդամակցութեան տրամադրման»:
«Եթէ մենք լրջօրէն մտադիր ենք վերափոխումներու հասնելու Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ, ապա պէտք է լրջօրէն օգտագործենք ամէնէն հզօր գործիքը, որ ունինք փոփոխութիւններու իրականացման համար, այն է` ընդլայնում», ըսած է Ֆիւլէ:
Ըստ անոր, «եւրոպական հեռանկարը, անկախ անոր հետ կապուած բոլոր պայմաններէն, լաւագոյն խթանն է արեւելեան եւրոպական պետութիւններուն մէջ անհրաժեշտ բարեփոխումներու կատարման համար»:







All the contents on this site are copyrighted ©.