2014-05-31 11:00:23

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Յովհ. 12. 12-23


RealAudioMP3 12 Հետեւեալ օրը` մեծ բազմութիւն մը, որ եկած էր տօնին, երբ լսեց թէ Յիսուս կու գայ Երուսաղէմ,
13 առաւ արմաւենիի ոստեր, դուրս ելաւ զայն դիմաւորելու, եւ կ'աղաղակէր. “Ովսաննա՜, օրհնեա՜լ է Իսրայէլի թագաւորը` որ կու գայ Տէրոջ անունով”:
14 Յիսուս` գտնելով աւանակ մը` նստաւ անոր վրայ, ինչպէս գրուած է.
15 “Մի՛ վախնար, Սիոնի՛ աղջիկ. ահա՛ Թագաւորդ կու գայ` նստած իշու աւանակի վրայ”:
16 Անոր աշակերտները նախապէս չհասկցան այդ բաները. բայց երբ Յիսուս փառաւորուեցաւ, այն ատեն յիշեցին թէ ատոնք գրուած էին անոր մասին, եւ թէ իրենք ըրին անոր այդ բաները:
17 Իրեն հետ եղող բազմութիւնը կը վկայէր թէ գերեզմանէն դուրս կանչեց Ղազարոսը ու մեռելներէն յարուցանեց զայն:
18 Այս պատճառով ալ բազմութիւնը դիմաւորեց զինք, որովհետեւ լսեցին թէ ի՛նք ըրած էր այս նշանը:
19 Իսկ Փարիսեցիները կ'ըսէին իրարու. “Կը նշմարէ՞ք թէ անօգուտ է. ահա՛ [ամբողջ] աշխարհը *կը հետեւի անոր``”:
20 Հոն` տօնին երկրպագելու բարձրացողներուն մէջ` քանի մը Յոյներ կային:
21 Ասոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդայէն էր, ու կը թախանձէին անոր` ըսելով. “Տէ՛ր, կ'ուզենք Յիսո՛ւսը տեսնել”:
22 Փիլիպպոս եկաւ եւ ըսաւ Անդրէասի, ապա դարձեալ Անդրէաս ու Փիլիպպոս [միասին] ըսին Յիսուսի:
23 Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. “Ժամը հասաւ` որ մարդու Որդին փառաւորուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.