2014-05-30 12:35:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 30 Մայիսի գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը Եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ գերապայծառ Ֆապիօ Պենէն։


Ուրբաթ, 30 Մայիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրագեան Քիւրտիստանի նահանգի նախագահ` Մասուտ Պարզանին ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Ժամը 10,45-ին Սրբազան Հայրը ընդունեց` Եւրոպական միջուկային հետազօտութեան կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն` Փրօֆ. Ռոլֆ Հեուէրը ու ապա ժամը 11-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Մեքսիքոյի եպիսկոպսական համահաւաք դասի խումբ մը եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները սկիզբ առած էին անցեալ 12 Մայիսին եւ վերջ կը գտնեն վաղը` 31 Մայիսին։ Այս շրջանին Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպում ունեցան ընդամէնը 118 եպիսկոպոսներ, բաժնուած 9 խումբերու։ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2006 թուականին, Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։

Իսկ այսօր յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ գերապայծառ Ֆապիօ Պենէն, Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի նորանշանակ ենթաքարտուղարը։ Գերապայծառ Պենէ` անդամ է Իտալիոյ Վիթերպոյ թեմին։ Ծնած է 12 Մարտ 1959-ին, Քահանայ ձեռնադրուած` 26 Մայիս 1984-ին եւ եպիսկոպոսական աստիճան ստացած անցեալ 8 Ապրիլ 2014-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.