2014-05-30 09:47:31

Սերպիոյ մէջ ջրհեղեղներուն հասցուցած վնասը գնահատուած է մէկ միլիառ եւրոյով


«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Վուչիչ յայտարարած է, որ իր երկրին մէջ ջրհեղեղներուն պատճառած վնասը գնահատուած է շուրջ մէկ միլիառ եւրոյով:
Վարչապետը նշած է, որ արտերկրէն ստացուած օգնութիւնը կրնայ ծածկել վնասին շուրջ քսան առ հարիւրը: Ըստ անոր, ողողուած շրջաններուն մէջ իրավիճակը կը կարգաւորուի, եւ կառավարութիւնը կազմած է բնական աղէտէն ետք վերականգնման ծրագիրը:
«Բոլոր անոնք, որոնց տուները քանդուած են, պիտի ստանան նոր տուն», յայտարարած է վարչապետը` հաւաստիացնելով նաեւ, որ պետութիւնը պիտի հոգայ բոլոր հանրապետական եւ տեղական նշանակութեան ճամբաներու վերակառուցումը:
Վուչիչ խոստացած է, որ պետութիւնը պիտի օգնէ ագարակներուն` տրամադրելով սերմեր, պարարտանիւթեր, ինչպէս նաեւ մասամբ հատուցելով սատկած անասուններու վնասը:
Վարչապետը կը կարծէ, որ 7-8 օր ետք Օպրենովաց քաղաքը, որ ամէնէն շատ տուժած է աղէտէն, «պիտի վերադառնայ բնականոն կեանքի»: Տակաւին տեղափոխուած մարդոց քաղաք վերադարձը արգիլուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.