2014-05-30 09:12:35

Ընտանեկան առաքինի կեանքը


RealAudioMP3 Երբ կը խօսինք ընտանեկան առաքինի կեանքի մասին ի միտ ունինք այն ապրելաձեւը, որով մարդ կարող է զԱստուած ճանչնալ եւ զինք սիրել ու աւելի վայելել, որովհետեւ ԶԱստուած ճանչնալով եւ սիրելով` մարդը ինքնաբերաբար կը սկսի առաքինի գործեր կատարել:
Այսօր դժբախտաբար, ականատես ենք բարոյազրկութեան, այլասերութեան եւ հոգեւոր կեանքի նահանջման: Մարդ արարած կը մտատծէ որ յանուն ազատութեան կրնայ ամէն ինչ կատարել, ինչ որ կը ցանկայ կրնայ իրականացնել. ամոթի զգացումը գրեթէ գոյութիւն չունի: Յաճախ մարդուն մտքէն կը վրիպի այն գաղափարը թէ ազատ ըլլալ չի նշանակէր մէկու մը իրաւունքները ոտնակոխ ընել: Եկեղեցին լուրջ դեր ունի այս խնդիրներուն մէջ: Ան պարտի մարդու հոգիին մէջ դրոշմել քրիստոնէական այն գաղափարները եւ սկզբունքները, որոնք, դժբախտաբար, մեր այս աշխարհը կ՛անտեսէ:
Երբ կը խօսինք ընտանեկան առաքինի կեանքի մասին մեր միտքը ունինք այն առաքինութիւնները որոնք դաստիարակութեամբ ձեռք կը ձգենք, ինչպէս նաեւ այն առաքինութիւնները որոնք մեզի որպէս շնորհք կը տրուին Աստուծմէ:
Առաքինութիւնը բարիք ընելու ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւն մըն է: «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նմանելու մէջ» կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Նիւսեցին: Առաքինութիւնները այն տրամադրութիւններն են, որոնք մեր արարքները կը կանոնաւորեն, մեր կիրքերը կը կարգաւորեն եւ մեր վարքը կ՛ուղղեն իմացականութեան եւ հաւատքին համեմատ: Անոնք են` խոհեմութիւնը, արդարութիւնը, զօրութիւնը եւ ժուժկալութիւնը:
Խոհեմութիւնը այն գիտակցութիւնն է որ կ՛օգնէ մեր իսկական բարիքը զանազանելու եւ զայն գործադրելու յարմար միջոցները ընտրելու:
Արդարութիւնը մնայուն եւ հաստատ կամքն է ուրիշին տալու ինչ որ ուրիշին իրաւունքն է: Աստուծոյ հանդէպ արդարութիւնը կոչուած է « կրօնի առաքինութիւն»:
Զօրութիւնը դժուարութիւններու մէջ ընտանիքին կ՛ապահովէ հաստատամտութիւն, իսկ բարիին հետապնդումին մէջ` վճռակամութիւն: Ան մարդը կարող կը դարձնէ ի հարկին մինչեւ իսկ իր կեանքը զոհելու` արդար դատի մը պաշտպանութեան համար:
Իսկ ժուժկալութիւնը` հաճոյքներուն հրապոյրը կը չափաւորէ, կ՛ապահովէ կամքին ինքնատիրացումը բնազդներուն դէմ եւ մարդս ատակ կը դարձնէ ստեղծագործութեան բարիքներուն գործածութեան մէջ իր հաւասարակշռութիւնը պահպանելու:
Սակայն կան նաեւ յոյժ կարեւոր առաքինութիւններ որոնց աղբիւրը, դրդապատճառն ու անմիջական առարկան` Ինք Աստուա՛ծ է: Անոնք քրիստոնեային բարոյական գործելակերպը կը հիմնաւորեն ու կը կենդանացնեն ինչպէս նաեւ մարդկային առաքինութիւնները կը կենսաւորեն: Անոնք են` Հաւատք, Յոյս եւ Սէր:
Հաւատքը այն առաքինութիւնն է, որուն շնորհիւ կը հաւատանք Աստուծոյ եւ Անոր բոլո՛ր յայտնածներուն, զորս Եկեղեցին մեզի կ՛առաջարկէ որ հաւատանք: Հաւատքով` մարդը ինքզինք ազատօրէն Աստուծոյ կը յանձնէ, այս պաճառով ան որ կը հաւատայ, կը փնտռէ ճանչնալ Աստուծոյ կամքը եւ զայն կատարել իր արօրեայ կեանքին մէջ:
Յոյսը այն առաքինութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք յաւիտենական կեանքը կը բաղձանք եւ զայն Աստուծմէ կ՛ակնկալենք իբր մեր երանութիւնը:
Իսկ Սէրը այն առաքինութիւնն է, որուն շնորհիւ կը սիրենք զԱստուած ամէն բանէ վեր եւ մեր մերձաւորը, մեր կեանքի ընկերը մեր անձին պէս` Աստուծոյ սիրոյն համար: Յիսուս զայն Օրէնքի լրում կարգեց: Ան «կատարելութեան զօդն է» եւ հի՛մը միւս բոլոր առաքինութիւններուն: Առանց սիրոյ` ես ոչինչ եմ եւ ընտանեկան եւ ամուսնական կեանքը դատարկ է:







All the contents on this site are copyrighted ©.