2014-05-30 09:47:21

Եւրասիական տնտեսական միութեան համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ. Փութին. «Հայաստան ամէնէն մօտիկ ապագային պիտի միանայ Եւրասիական տնտեսական միութեան»


Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիա, Պիելոռուսիա եւ Ղազախստան երէկ Ասթանայի մէջ ստորագրած են Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին: Փաստաթուղթը Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին ստորագրած են երեք երկիրներու նախագահները` Վլատիմիր Փութին, Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ:
Փաստաթուղթին շուրջ աշխատանքը սկսած էր 2011-ի նոյեմբերին` Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի առաջին վեհաժողովին: Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները այդ ժամանակ ընդունած էին եւրասիական տնտեսական համարկման մասին հռչակագիրը, որ դարձած էր համարկման համար փոխադարձ գործակցութեան զարգացման իւրայատուկ «ճամբու քարտէս»:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ երէկ համաձայնագիրին ստորագրումէն առաջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ասթանայի մէջ առաջարկած է Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը ստորագրել մինչեւ 15 յունիս:
Ան Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ համապատասխան փաստաթուղթի նախագիծը արդէն պատրաստ է:
«Կը խնդրեմ ժամկէտ ճշդել մինչեւ ընթացիկ տարուան 15 յունիսը Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին միանալու մասին համաձայնագիրի ստորագրման համար», ըսած է ան` նշելով. «Երկու-երեք օրուան ընթացքին կարելի է գոյութիւն ունեցող հարցերուն շուրջ փոխընդունելի լուծումներ գտնել»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Փութին յայտնած է, որ նիստին ընթացքին կողմերը քննարկած են Եւրասիական միութեան մասնակիցներու թիւը աւելցնելու հարցը եւ խօսած համաձայնագիրին Հայաստանի անդամակցութեան մասին:
Ռուսիոյ նախագահը ըսած է. «Այդ փաստաթուղթը անհրաժեշտ է հաստատել եւ ստորագրել ամէնէն մօտ ապագային: Հայկական կողմը կը փափաքէր ատիկա ընել յունիսին, ինչին մենք ընդհանուր առմամբ համաձայն ենք»:







All the contents on this site are copyrighted ©.