''Քոր Ունում'' Քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի Սուրիոյ ի նպաստ հաւաքը։
Ուրբաթ, 30 Մայիսին, Քահանայապետական ''Քոր Ունում – մէկ Սիրտ'' բարեսիրական մարմինը,
Վատիկանի մէջ գումարած է համադրող հանդիպում մը, Սուրիոյ ի նպաստ գործող Կաթողիկէ 25
բարեգործական մարմիններու մասնակցութեամբ։ Հանդիպումին բացումը կը կատարէ վերոյիշեալ
Մարմնի նախագահ` Կարտինալ Ռոպերդ Սարան, որուն կը յաջորդէ Վատիկանի Պետական Քարտուղար`
Կարտինալ Փարոլինի զեկոյցը, ապա ելոյթ կ՛ունենան Սուրիոյ մօտ առաքելական Նուիրակ` գերապայծառ
Մարիօ Զէնարի եւ Սուրիոյ Քարիթասի նախագահ` գերապայծառ Անթուան Օտօ։ Հանդիպումի ընթացքին
պիտի ներկայացուի, անցեալ տարի ստեղծուած` Պէյրութի տեղեկատուական գրասենեակի գործունէութեան
հաշուեկշիռը ու պիտի քննարկուի կաթողիկէ բարեգործական մարմիններու միջեւ համագործակցութեան
գործընթացը։ Հանդիպումի գլխաւոր նպատակն է, լուսարձակի տակ առնել` Սուրիոյ տագնապի
հայող բարեսիրական գործունէութիւնը, բացայայտելով դիմագրաուած դժուարութիւնները եւ ընդգծելով
ապագայի ծրագիրներու առաջնահերթութիւնները։ Սուրբ Աթոռը յանձնառումով կը մասնակցի
Սուրիոյ բնակչութեան ի նպաստ բարեսիրական գործունէութեան։ Վերջին տուեալներու համաձայն,
Սուրիոյ պատերազմը պատճառած է արդէն 160 հազար մեռեալ, մինչ 2 միլիոն սուրիացի, Միջին
Արեւելեան շրջանի երկիրներուն մէջ ապաստանած են որպէս գաղթական, իսկ 6 միլիոն սուրիացիներ
տեղահան եղած են։