2014-05-29 09:59:12

Յինունք և Համբարձում


Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ տարածուող ժամանակաշրջանը կը կոչուի Յինունք, այսինքն 50 օրեր, նուիրուած՝ Քրիստոսի Յարութեան: Այս շրջանին պահքի օրերը կը դադրին: Յինունքի շրջանի բոլոր կիրակիներն ունին յատուկ անուններ, ինչպէս՝ Նոր Կիրակի, Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի, Կարմիր Կիրակի, մինչեւ Երեւման Խաչի տօնը: Հայկական ծէսին մէջ, տարուան բոլոր կիրակիները Յարութեան տօներ են և իրարմէ կը զանազանուին հետեւեալ ձեւով. Զատիկէն մինչեւ Հոգեգալուստ կը կոչուին Յինանց կիրակիներ, այսինքն՝ «Զատիկի կիրակի», իսկ տարուան մնացեալ կիրակիները «Յարութեան կիրակի»: Համբարձման տօնը կը յիշատակէ Քրիստոսի երկինք վերանալը, Զատիկէն 40 օր ետք: Ան միշտ Հինգշաբթի օր է և թուականը անշարժ:
Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է: (Մրկ 16, 19-20, Ղկ 24,50-53, Գործք Առ 1,9-11):

Յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք, 40-րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն թէ «երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, Հրէաստանի, եւ Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Երբ ան կ’արտասանէր այս խօսքերը, Յիսուս երկինք կը բարձրանայ մինչեւ որ ամպերը ծածկեն զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն: Այս պատուիրանին համաձայն Թադէոս ու Բարթողոմէոս Առաքեալները Հայաստան կու գան հիմնելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.