2014-05-29 09:39:07

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը մասնակցի մայիս 28-ի տօնակատարութեան Սարդարապատի յուշահամալիրին շուրջ


Չորեքշաբթի, Մայիսի 28-֊ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին շուրջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեանին և ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ մասնակցած է Հանրապետութեան տօնին նուիրուած տօնակատարութեան: Շրջապատուած Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետներով, պետական ու զինուորական աւագանիի ներկայացուցիչներով եւ ընկերակցութեամբ ԼՂՀ.ի նախագահին՝ Հանրապետութեան Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած է Սարդարապատի ճակատամարտի հերոսներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին և յարգանքի տուրք մատուցած: Տօնակատարութիւնը սկսած է նախագահական պատուոյ նուագախումբի հանդիսաւոր քայլերթով, որուն յաջորդած է տօնին առթիւ մշակութային յայտագիրը:
Տօնակատարութենէն յետոյ, նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները այցելած են Սարդարապատի յուշահամալիրի Հայոց ազգագրութեան և ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարան, ուր տեղի ունեցած է Հանրապետութեան տօնին առթիւ պարգևատրման արարողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.