2014-05-28 14:32:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը ''Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան'' ընդհանուր 103-նիստին առթիւ։


Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան 103-րդ նիստին առթիւ, որ սկիզբ առաւ Ժընէվի մէջ չորեքշաբթի, 28 մայիսին, եւ վերջ պիտի գտնէ 12 Յունիսին,Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց կազմակերպութեան նախագահին որուն մէջ կը յայտնէ, թէ մարդ արարածը Աստուծոյ ստեղծագործութեան պահապանն է։
Հիմնուելով Եկեղեցւոյ աշխատանքին հայող վարդապետութեան Սրբազան Հայրը կը հաստատէ, թէ մարդու աշխատանքը մասնիկ մըն է արարչագործութեան եւ թէ Մարդ արարածը կը շարունակէ Աստուծոյ ստեղծագործութեան գործը։
Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա Սուրբ Աթոռի գոհունակութիւնը յայտնած է` Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան տածած գործունէութեան՝ ի նպաստ մարդու արժանապատուութեան, ընկերային եւ տնտեսական շրջագիծէն ներս։
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ կ՛անդրադառնայ, անգործութեան մարտահրաւէրին, որ օր է օր կ՛աճի, ինչպէս նաեւ գաղթականութեան ծանր հարցին։
Պատգամի աւարտին Ֆրանչիկոս Պապը կը հաստատէ. ''Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կ՝աջակցի աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ձեռնարկներուն, որոնք ունին որպէս նպատակակէտ՝ զարգացնել մարդու արժանապտուութիւնը եւ աշխատանքի ազնուականութիւնը''։
Ան ապա կը քաջալերէ կազմակերպութիւնը, դիմագրաւլու՝ ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները, կառչած մնալով հաւատարիմ՝ կէտնպատակներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.