2014-05-28 14:44:55

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան հաշուեկշիռ։


Չորեքշաբթի, 28 մայիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապտը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբոուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որուն ընթացքին հաշուեկշիռը կատարեց` Սուրբ Երկիր կատարած եռօրեայ ուխտագնացութեան։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
''անցեալ օրերուն ուխտագնացութիւն կատարեցի Սուրբ Երկիր։ Այս եղաւ Եկեղեցւոյ համար մեծ շնորհք մը, ու ասոր համար գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ։ Ան զիս առաջնորդեց այն օրհնեալ հողը, որ ականատես եղաւ Յիսուսի պատմական ներկայութեան եւ ուր տեղի ունեցան Հրեաներու, Քրիստոնեաներու եւ Մահմետականներու հայող հիմնական իրադարձութիւններ'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գերերջքնիկ Թուալ Պատրիարքին, զանազան ծէսերու պատկանող եպիսկոպոսներուն, Սուրբ Երկրի պահակութեան Ֆրանչիսկեան եղբայրներուն ինչպէս նաեւ Յորդանանի, Իսրայելի եւ Պաղեստինի իշխանութիւններուն ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութեան համար, ու բոլոր անոնց որ համագործակցեցան այցելութեան պատրաստութեան եւ անոր յաջողութեան ի խնդիր։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա դարձեալ ընդգծեց ուխտագնացութեան կէտնպատակը` ''վերյիշել Պօղոս Զ եւ Աթենակորա Պատրիարքի միջեւ, 50 տարի առաջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը''։ Այդ առաջին անգամն էր որ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ մը կ՛այցելէր Սուրբ Երկիրը։ Այսպէսով Պօղոս Զ սկիզբ տուաւ Քահանայապետներու առաքելական միջազգային ճամբորդութիւններուն – յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու մատնանշեց թէ ''Մարգարէական այդ ողջագուրումը ընդմէջ Հռոմի Եպիսկոպոսին եւ Կ. Պոլսոյ Պատրիարքին, դարձաւ անկիւնաքար մը քրիստոնեաներու միութեան ճանապարհի ուղեւորութեան, որ այդ օրէն ի վեր զգալի քայլեր արձանագրեց''։
''Ասոր համար` սիրելի եղբօրս ի Քրիստոս` Բարթողոմէոս Ա-ին հետ հանդիպումը, հանդիսացաւ այցելութեան գագաթնակէտը''։ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Բարթողոմէոս Ա-ին հետ, Ս. Թաղման եկեղեցւոյ մէջ աղօթեցինք եւ իղձ յայտնեցինք շարունակելու դէպի հաղորդութեան լիութիւն տանող ուղեւորութիւնը։ Այդ հանդիպման ներկայ էին նաեւ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս Պատրիարք` Թէոֆիլոս Գ եւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Նուրհան Մանուկեան, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու արքեպիսկոպոսներ, եպիսկոպոսներ եւ քաղաքացիական իշխանութեան պատասխանատուներ։
Ուխտագնացութեան կէտնպատակներէն մին եղաւ նաեւ, Արեւելեան շրջանին մէջ քաջալերել խաղաղութեան ընթացքը, որ միեւնոյն ատեն Աստուծոյ պարգեւ է եւ մարդոց յանձնառում։ Այս ըրի որպէս ուխտաւոր, ըլլայ Յորդանանի, ըլլայ Պաղեստինի եւ ըլլայ Իսրայելի մէջ, Աստուծոյ եւ մարդոց անունով։ Քաջալերեցի քրիստոնեայ հաւատացեալները գործելու, եղբայրութեան եւ հաշտութեան ի նպաստ, ու դառնալու ''Խաղաղութեան գործիչներ''։
Յորդանանի իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնեցի գաղթականներուն ցուցաբերած առատաձեռն հիւրընկալութեան։Մարդկայնական յանձանռում մը որ արժանի է Միջազգային հասարակութեան շարունակական նեցուկին։ Ուխտագնացութեան ընթացքին քաջալերեցի շահագրգռուած տեղական իշխանութիւնները շարունակելու իրենց ջանքերը Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւնները դադրեցնելու նպատակով, յատկապէս սիրեցեալ Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ արդար լուծում մը գտնելու Իսրայել - Պաղեստին հակամարտութեան ու այս առընչութեամբ երկու Պետութիւններու նախագահները` խաղաղութեան մարդիկ, Վատիկան հրաւիրեցի միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։
Այս ուխտագնացութիւնը առիթ եղաւ նաեւ, շրջանի տառապեալ Քրիստոնեայ հասարակութիւնները ամրապնդելու իրենց հաւատքին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնելու տեղական եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն իրենց տուած քրիստոնէական վկայութեան համար։
Այս ուխտագնացութեամբ, որ եղաւ Տիրոջ իսկական շնորհք մը, ուզեցի տանիլ յոյսի պտագամ մը որ միեւնոյն ատեն ես ալ ընդունեցայ անոնցմէ որ կը յուսան որեւէ յոյսէ աւելի, տառապանքներու միջոցաւ։
Իր խօսքին աւարտին , Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները շարունակել նեցուկ կանգնիլ եւ աղօթել Սուրբ Երկրի ու Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար։ Եկեղեցւոյ աղօթքը նեցուկ ըլլայ նաեւ քրիստոնեաներու միջեւ ամբողջական միութեան որպէսզի աշխարհը հաւատայ Աստուծոյ Սիրոյն որ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ եկաւ մեր մէջ բնակելու։
Ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու Տիրամօր, Խաղաղութեան թագուհիին եւ քրիստոնեաներու միութեան թագուհիին, բոլոր քրիստոնեաներու Մայր. թող Ան մեզի պարգեւէ խաղաղութիւնը, համայն աշխարհին, ու մեզի ուղեկցի դէպի միութիւն տանող ճանապարհի վրայ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը գտնուող տարբեր երկիրներէ ժամանած եւ տաբեր ազգերու պատկանող հաւատացեալներն ու ուխտաւորները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Աստուծոյ Մայրը – ըսաւ Քահանայապետը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն - ըլլայ ձեզի ապաւէն` դժուար պահերու ընթացքին, ձեզի սիրելի հիւանդներ ընկերակցի քաջութեամբ դիմագրաւելու ձեր առօրեայ խաչը եւ ձեզի` սիրելի նորապսակեալներ, ըլլայ տիպար որպէսզի` ձեր ընտանիքը ըլլայ աղօթքի եւ փոխադարձ հասկացողութեան օճախ։








All the contents on this site are copyrighted ©.