2014-05-28 11:43:01

Նախագահ Սլէյմանի նստաշրջանի աւարտով Լիբանան կը թեւակոխէ նախագահական դատարկութեան հանգրուան


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ, 24 մայիս 2014-ին աւարտեց նախագահական իր նստաշրջանը եւ առանց զայն երկարաձգելու մեկնեցաւ Պաապտայէն` Լիբանանը մատնելով նախագահական դատարկութեան Բ. հանգրուանի մը:
Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք առաջին անգամ ըլլալով նախագահական դատարկութեան յաջորդած նախագահ Սլէյման նախագահական պալատէն մեկնեցաւ նոյն անորոշութեամբ` թափուր ձգելով նախագահական աթոռը:
Վեցամեայ իր գործունէութիւնը աւարտած նախագահ Սլէյմանին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին վարչապետ Թամմամ Սալամ, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի եւ Ֆուատ Սինիորա, մեծ թիւով նախարարներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի եւ պատասխանատուներու հոծ բազմութիւն մը: Հրաժեշտի ձեռնարկէն բացակայեցան Հըզպալլայի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Պաապտայի «25 մայիս» անուան դահլիճին մէջ իր արտասանած մեկնումի ճառին մէջ, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ իր սահմանադրական պատասխանատուութիւններէն մեկնելով` ինք պիտի ստորագրէ յատուկ շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանը պիտի հրաւիրէ օրէնսդրական նիստերու արտակարգ ժամանակաշրջանի:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք բոլոր ժամանակներուն ընթացքին ճիգ չէ խնայած Լիբանանի գերագոյն շահերը պաշտպանելու:
Ան նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի երեսփոխանական ընտրութեանց սեմին, հետեւաբար անհրաժեշտ է վաւերացնել ընտրական օրէնք մը, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` պահպանելով խորհրդարանին իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կրնան արձանագրուիլ շարք մը միջադէպեր, որոնք կրնան կառավարութեան որդեգրելիք միջոցառումներուն արագ կարիքը ունենալ:
Ան շեշտեց, որ ժամանակը հասած է արդէն, որ Լիբանան վաւերացնէ իր պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` իբրեւ լիբանանեան պետութեան կերտումի անհրաժեշտ հիմք: «Բռնագրաւուած հողերուն ազատագրումը կը մնայ պակասաւոր, եթէ կարելի չըլլայ երկրին գերիշխանութեան պահպանումը ապահովել եւ լիբանանեան պետութեան հակակշիռը բանեցնել` ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
«Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը եւ լիբանանեան պետութիւնը` իբրեւ ամբողջութիւն, հրաւիրուած են ամրապնդելու ազգային երկխօսութեան սկզբունքը», հաստատեց ան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ օրէնսդիրներու կողմէ կազմուած յանձնախումբ մը մշակած է երկրին սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու յատուկ ծրագիր մը, որ պէտք է քննարկուի կառավարութեան կողմէ:
Նախագահ Սլէյման շաբաթ օր ուղղուեցաւ Եարզէի իր բնակարանը, իսկ յաջորդ օր ան ուղղուեցաւ Ամշիթ, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.