2014-05-28 09:46:14

ՀՀ Նախագահը հանդիպում ունեցած է Արամ Ա.-ի, Գարեգին Բ.-ի եւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանն այսօր հանդիպում է ունեցած է Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ: Այս մասին կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը։
Ամենայն Հայոց Հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի հետ Նախագահը քննարկած է պետութեան եւ հայոց եկեղեցիներու միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայրենիքին եւ Սփիւռքին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձած են հայոց ազգային կեանքի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ հայապահպան կարեւոր դերակատարութեան ու համահայկական խնդիրներու լուծման գործին մէջ բոլոր Նուիրապետական Աթոռներու, թեմերու եւ կառոյցներու ամենօրեայ ջանքերուն: Կարեւորուած է նաեւ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու մասնակցութիւնը ՀՀ Նախագահի գլխաւորութեամբ գործող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, այդ ուղղութեամբ եւ ընդհանրապէս՝ համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման գործին մէջ հայոց եկեղեցիներու կողմէն Սփիւռքի մէջ, միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ իրականացուող աշխատանքը:
Հանրապետութեան Նախագահը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ու Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ վերոնշեալէն բացի քննարկած է սուրիական ճգնաժամի պատճառով այդ երկրի մէջ ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներու ներկայ վիճակի եւ անոնց ցուցաբերուող աջակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան բարօրութեան, ինչպէս նաեւ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու կարեւոր գրաւական է, եւ այսուհետ եւս պէտք է շարունակել ու առաւել արդիւնաւէտ դարձնել ջանքերու համադրումը ազգային խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.