2014-05-28 10:13:59

Ամերիկացի աւելի քան 30 մահմետական կրօնապետեր դատապարտած են Պոքօ Հարամ ծայրայեղ շարժումին արարքները։


Անցեալ 20 մայիս 2014-ին, ամերկացի աւելի քան 30 մահմետական կրօնապետեր դատապարտեցին Նիճերիօ Պոքօ Հարամ ծայրայեղ շարժումին, շուրջ 200 պարմանուհիներու առեւանգումը։ Իսլամ կրօնապետերը կը յայտարեն թէ այդ ծայրայեղները չեն ներկայացներ աշխարհի իսլամութիւնը։ Յայտնենք որ այլ միջազգային մահմետական կրօնապետեր եւս դատապարտած են Պոքօ Հարամի քստմնելի արարքները, որ մինչեւ օրս սպաննած են աւելի քան 1.500 անմեղներ, ընդգծելով որ այդ խումբը կ'այլափոխէ իսլամութիւնը եւ պարտադիր է ազատագրել պարմանուհիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.