2014-05-27 12:36:03

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին մամլոյ ելոյթը դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին


Դէպի Հռոմ վերադարձի ճանապարհորդութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր հետը ճամբորդող լրագրողներուն հետ 50 վայրկեան տեւող հանդիպում մը ունեցաւ որուն ընթացքին, պատասախնեց իրեն ուղղուած եւ զանազան հարցերու հայող հարցումներուն սկսեալ նախագահ Փէրէսի եւ նախագահ Ապպասի ուղղած կոչէն` Վատիկանի մէջ աղօթելու խաղաղութեան համար։

Սրբազան Հայրը ապա յայտնեց որ Տոմուս Սունթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ պիտի մատուցանէ մանկամոլ քահանաներու զոհ խումբ մը հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Խօսելով յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութիւններուն մասին Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ որ յառաջիկայ օգոստոսին պիտի այցելէ հարաւային Քորէան, իսկ 2015-ի Յունուար ամսոյն մէջ պիտի այցելէ Սրիլանքայի եւ Փիլիպեան կղզեխումբի այն վայրերը որ թիրախ եղած են ''Թիֆօնի''։

Յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն մէջ, Վատիկան գումարուած սիւնհոդոսի մասին արտայայտուելով Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ հաւաքը ամբողջովին պիտի յատկացուի Ընտանիքի հարցերուն ու ընտանիքի հովուական առաքելութեան մասին, դատապարտելով այն ընկերութիւնը որ կը մերժէ մանուկները ու կ'անտեսէ ծերերը։

Պատասխանելով իր առաքելութիւնը կատարելու անկարելիութեան պարագային հրաժարականի ներկայացումի հարցումին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունեց իր նախորդին` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին պարկեշտութիւնը, համեստութիւնը եւ խոնարհութիւնը հաստատելով որ իր այս որոշումով Ան դուռը բացաւ վաստակաւոր քահանայապետներու գոյութեան։

Անդրադառնալով ապա Ս. Երկիր կատարած ուխտագնացութեան` Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Խնդրեցի չշահագործել Աստուծոյ անունը ի շահ բռնութեան։ Հարկաւոր է դատապարտել ահաբեկչութիւնը, քանի անիկա ոճիր մըն է մարդու դէմ։ Ս. Երկրին մէջ Աստուծմէ խնդրեցի որ խաղաղութիւն շնորհէ Ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքի բոլոր բնակիչներուն։ Այս պատճառաւ Վատիկան հրաւիրեցի Պաղեստինի եւ Իսրայէլի նախագահները անոնց հետ միասին աղօթելու Ս. Երկրի խաղաղութան համար''։

Մատնանշելով հուսկ համամիութեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ` ''Բարթողոմէոս պատրիարքին հետ խօսեցանք Եկեղեցւոյ միութեան մասին. Միութիւնը կը կատարուի միասնաբար ընթանալով, խորհրդակցելով եւ միասնաբար աշխատելով։ Օրինակի համար Հռոմի մէջ եկեղեցիներ տրամադրուած են նաեւ օրթոտոքս հաւատացեալներու գործածութեան։ Նոյնպէս խօսեցանք Քրիստոսի Յարութեան տօնի թուականին միացումին։ Կը յուսանք որ համա-օրթոտոքս ժողովին ընթացքին այս հարցը ծեծուի ու լուծուի։ Զատկուայ թուականը միութեան նշան է։ Բարթողոմէոս պատրիարքին հետ կը խօսիմ որպէս եղբայր։ Իրարզիրար կը գնահատենք, կը փոխանակենք մեր փորձառութիւններն ու դժուարութիւնները։
Խօսելով աշխարհը յուզող տնտեսական տագնապի մասին, Սրբազան Հայրը ընդգծեց թէ դրամը կը սպաննէ եւ կը մեկուսացնէ։ Իսկ անդրադառնալով Քահանաներու ողջախոհութեան մասին Քահանայապետը մատնանշեց թէ կուսակրօնութիւնը շնորհք մըն է Եկեղեցւոյ համար եւ թէ այս նիւթին շուրջ սահմանափակում չկայ, քանի Արեւելեան Եկեղեցիներուն մէջ կան արդեն ամուսնացած քահանաներ։

Իսկ ինչ կը հայի ''Հռոմի Քուրիայի'' վերատեսութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ թէ ''գործը բաւական յառաջ կ՛ընթանայ'' ակնարկելով ''տնտեսութեան քարտուղարութեան'' ստեղծումին։ Մենք ուշադիր ըլլալու ենք ամէն օր վերանորոգելու Եկեղեցին որովհետեւ տկար եւ մեղաւոր ենք։

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ''որովհետեւ պէտք ունիմ'' - ըսաւ Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.