2014-05-27 11:09:09

Ցեղասպանութեան թանգարանը հարստացած է 450 լուսանկարներով


Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յատկացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն առնչուող լուսանկարներու բացառիկ եւ հարուստ հաւաքածոյ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Շուրջ 450 բնօրինակ լուսանկարներու հաւաքածոն նուիրած են յունահայ Խանիկեան ընտանիքի ժառանգորդները՝ կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումը եւ փոխանցումը սերունդներուն:
Լուսանկարներու հաւաքածոն կը ներառէ Օսմանեան կայսրութեան, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ որբանոցներուն, որբերու կեանքին, Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի որբախնամ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան առանձին դրուագներու առնչուող լուսանկարներ: Լուսանկարներու մեծ մասին ետեւի կողմը առկայ են չափազանց կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդող գրութիւններ:
«Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրէին այս հաւաքածուի ձեռքբերումը ոչ միայն խորհրդանշական, այլ նաեւ բացառիկ իրադարձութիւն է մեր թանգարանի համար, եւ այս լուսանկարներն իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն 2015 թուականի Ապրիլին բացուող թանգարանային նոր ցուցադրութիւնում: Լուսանկարների մէջ իր կարեւորութեամբ առանձնանում է, ի հարկէ, երիտթուրք պարագլուխ Իսմայիլ Հաքքի բէյի՝ անգլիացի զինուորականների կողմից ձերբակալութեան լուսանկարի բնօրինակը», յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը:
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այս եզակի հաւաքածոն ձեռք բերելու համար իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին:







All the contents on this site are copyrighted ©.