2014-05-26 08:15:08

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հանդիպի Բարթողոմէոս Պատրիարքին


Կիրակի, 25 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին (տեղական ժամով), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ժամանեց Թէլ Ավիւի''Պէն Կուրիոն'' օդակայան ուր տեղի ունեցաւ` իրեն ի պատիւ կազմակերպուած բարի գալուստի արարողութիւնը, ի ներկայութեան Իսրայելի նախագահ` Շիմոն Փերեսին եւ կառավարական պատկան իշխանութիւններուն։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ինքնաթիռով տեղափոխուեցաւ Երուսաղէմ` ուր ժամանեց 16,45-ին (տեղական ժամով) եւ փոխադրուեցաւ Երուսաղէմի Առաքելական Նուիրակութիւն, ու ժամը 17,15-ին, տեղի ունեցաւ առանձնական հանդիպում Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարը Կարտինալ Փարոլինը եւ Քրիստոնեաներու միութեան Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Քիւրտ Քոխը։ Նուէրներու փոխանակումէն ետք, նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ յայտարարութեան մը ստորագրութիւնը ու ապա երկու Հովուապետերը ուղղուեցան Սուրբ Թաղման տաճար ու տաճարի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում եւ ողջագուրում զոր դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով եւ զանգակներու ղօղանջիւնով։
Ժամը 8-ին, (տեղական ժանով) Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հովուապետերը,Ղպտի, Ասորի, Եւդոպացի Արքեպիսկոսները, Անկլիքան եւ Լուտերական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներն ու այլ եպիսկոպոսներ։
Սուրբ Թաղման եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին նաեւ Սուրբ Երկրի ''յատուկ իրավիճակը'' ապահովող երկիրներու 5 հիւպատոսները ( ֆրանսա. Պէլճիքա, Սպանիա. Իտալիա եւ Յունաստան) ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Սուրբ Թաղման տաճար մուտքին­ Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Ա դիմաւորուեցան Սուրբ Երկրի ''յատուկ իրավիճակը'' ապահովող երեք յարանուանութիւններու, Յոյն- Օրթոտոքս, Ֆրանչիսկեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծաւորները, հուսկ երեք յարանուանութիւններու անունով խօսք առաւ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս Թէոֆիլոս Գ Պատրիարքը որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Բարթողոմէոս Ա-ին։
Սուրբ Աւետրանի ընթերցումէն ետք խօսք առաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց ներկաներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.