2014-05-26 12:41:14

Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Իսրայելեան նախագահական Պալատ։


Երկուշաբթի, առաւօտեան, Իսրայելի ժամով 11.45-ին , Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց
Իսրայելի նախագահական Պալատը։ Պալատի մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեց
Նախագահ Շիմոն Փէրէսը ու ապա տեղի ունեցաւ ոսկէ մատեանի ստորագրութիւնը։ Պատուրիակութիւններու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումններէ եւ նուէրնեու
փոխանակումէն ետք , Ֆրաչիսկոս Պապը եւ Նախագահ Շիմոն Փէրէս առանձնական հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին , Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ ինքզինքը՝ ''երանի կը զգայ բարի եւ իմաստուն մարդու մը տունը մտնելուն համար''։
Առանձնական հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիկսոս Պապը եւ նախագահը ուղղուեցան պալատին պարտէզը, ուր՝ տեղի ունեցաւ ձիթենիի ծառատունկ ու ապա, պարտէզին մէջ զետեղուած բեմէն ներկայացուեցան պաշտօնական ուղերձներ ի ներկայութեան զանազան կրօներու պատկանող հարիւրաւոր մանուկներուն, որոնք Քահանայապետը դիմաւորեցին գեղեցիկ երգերով։
Այս Առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, նախագահ Փէրսէին ուղղեց ճառ մը որուն սկիզբը , շնորհակալութիւն յայտնեց Նախագահին՝ ցուցաբերուած ջերմ եւ սիրալիր հիւրընկալութեան համար։
Նորին Սրբութիւը ապա խօսքը կեդրոնացուց Երուսաղեմի սուրբ վայրերուն վրայ ''որոնք թանկարժէք են երեք կրօներուն համար, որ կը պաշտեն Աբրահամի Աստուածը''։ Սուրբ վայրերը թանգարաններ չեն, այլ վայրեր`ուր հաւատացեալներու հասարակութիւնները կ՝ապրին իրենց հաւատքը, մշակոյթը եւ եղբայրասիրական ձեռնարկները, հետեւաբար, սոյն վայրերը պէտք են պահպանուին իրենց նուիրականութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ապա խօսքը ուղղեց Նախագահին ըսելով 'Պարոն Նախագահ`Դուք հռչակաւոր էք որպէս խաղաղութեան մարդ եւ որպէս խաղաղութեան կերտիչ, երախտագիտութիւնս եւ հիացումս կը յայտնեմ ձեցի եւ ձեր դիրքորոշումին համար։ Խաղաղութեան կերտումը, ամէնէն առաջ, կը պահանջէ ՝ յարգանք իւրաքանչիւր մարդ արարածի ազատութեան եւ արժանիքին, որ Հրեաները, Քրիստոնեաները եւ Մահմետակնները հաւասարապէս կը դաւանին – ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց հետապնդելու պայքարներու խաղաղ լուծումը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով ապա Իսրայելի Քրիստոնեաներուն յայտնեց, թէ անոնք ընկերութեան լրացուցիչ մաս մըն են եւ լի իրաւ կերպով կը մասնակցին քաղաքացիական եւ մշակութային կեանքին։ Քրիստոնեայ հաւատացեալները կը փափաքին եւ կ՝երաշխաւորեն երկրին խաղաղութիւնը – ըսաւ քահանայապետը ու ապա ճառի աւարտին, իր աղօթքները ապահովեց Իսրայելի նախագահին, երկրի բոլոր բնակիչներուն ու նաեւ երկրի խաղաղութեան ի նպաստ։
''Խաղաղութիւն Իսրայելի եւ բոլոր Միջին Արեւելքին''- Շալոմ։ Բացագանչեց Քահանայապետը։







All the contents on this site are copyrighted ©.