2014-05-26 09:33:51

Հալէպահայութիւնը ցնծութեամբ տօնեց Հայաստանի անկախութեան՝ Մայիս 28-ի 96 ամեակը:


Կիրակի, 25 Մայիս 2014-ին, հալէպահայութիւնը հակառակ երկրի դժնդակ պայմաններուն, մէկ կողմէ զոհեր կուտայ, նահատակներու մահը կը սգայ, միւս կողմէ ազգային բարձր գիտակցութեամբ ու ցնծութեամբ կը տօնէ Հայաստանի Անկախութեան՝ Մայիս 28-ի 96-ամեակը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթը:
Արդարեւ, Հալէպի «Գ․Եսայեան» սրահէն ներս, յետմիջօրէի ժամը 5։00-ին, տեղի ունեցաւ Մայիս 28-ի 96 ամեակի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Ս․Արք․ Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին, Հայ Աւետարանական Համայնքապետին, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Վարչութեան եւ ազգային մարմիններուն, հալէպահայ մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր հայրերու եւ հոծ բազմութեան։
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հ․Հ․ քայլերգներով՝ կատարողութեամբ՝ Համազգայինի «Զոարթնոց» երգչախումբին։ Ապա օրուան հանդիսավար Գէորգ Շահինեան վեր առնելով Հայաստանի անկախութեան սրբագոյն արժէքը յայտնեց, թէ անկախութիւնը հայ ժողովուրդի միասնական պայքարի գեղեցկագոյն դրսեւորումն էր, իսկ Ազատ, Անկախ Միացեալ Հայաստանի տեսիլքն ու անոր հասնելու հաւատքը վառ կը մնայ մեր մէջ, որքան որ դաժան ու ծանր օրեր ապրի մեր ժողովուրդը։
Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, Համազգայինի Բ․Կանաչեան երաժշտական դպրոցի քառեակն ու Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը։
Գէորգ Գատէհճեան, Սեւան Գալայճեան եւ Պէթթի Քիլերճեան ներկայացուցին Ա․Ծառուկեանի «Թուղթ առ Երեւան» քերթուածէն բաժիններ։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Ս․Արք․ Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ գոյութիւն չունին Ա․ Հանրապետութիւն, Բ․ Հանրապետութիւն, Գ․Հանրապետութիւն, մեր ժողովուրդը շրջելով դարերու ստրկութիւնը իր անկախութեան տիրացաւ 1918 Մայիս 28-ին, այնուհետեւ վարչակարգեր փոխուեցան, սակայն մեր ժողովուրդը իր անկախ ապրելու պայքարը վերահաստատեց 1991-ին։ Ապա ան զուգահեռներ գծելով Սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներու պայքարին միջեւ նշեց, թէ մեծ պետութիւններու կամքին ենթարկուիլը մերժող ու իրենց ազատ կամքին արտայայտման ու անկախ ապրելու տենչով մաքարող ժողովուրդներ են հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները, որոնք իրենց յամառ պայքարով կ՚որոշեն իրենց ճակատագիրը եւ այդ պայքարին շնորիւ կը պահեն իրենց գոյութիւնը։
Հուսկ «Սպիտակ» նուագախումբը խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց մեկնաբանելով ազգային-յեղափոխական երգեր։
Մանրմասնութիւնները տեսնել «Գանձասար»-ի Մայիս Ե․ համարին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.