2014-05-26 15:45:34

Գեթսեմանիի տաճարին մէջ հանդիպում Երուսաղէմի կղերական դասին հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութիւնը կը հասնի իր աւարտին։
26 Մայիսի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին (տեղական ժամով), Նորին Սրբութիւնը առանձական հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին հետ, որուն հետ, կիրակի 25 մայիսի երեկոյեան, Սուրբ Թաղման տաճարին մէջ նախագահած էր` համամիութենական աղօթքի արարողութիւնը որ պատմութեան էջերուն մէջ դրոշմուեցաւ որպէս աննախընթաց մէկ դէպք մը, քանի առաջին անգամն էր որ քրիստոնեայ զանազան դաւանանքներու ներկայացուցիչները միասին կ՛աղօթէին այդ վայրին մէջ որ Քրիստոնէական հաւատքի ակնաղբիւրը նկատուած է։
Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին հետ հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ Գեթսեմանիի տաճարը ուր զետեղուած է այն ժայռը որուն վրայ, աւանդութեան համաձայն, Յիսուս աղօթեց ձեռբակալութենէն առաջ։ Այդ վայրին մէջ Սրբազան Հայրը նախագահեց աղօթքի արարողութիւնը որուն մասնկցեցան Երուսաղէմի կղերական դասն ու նորընծաները։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը յայտնեց թէ ''Պետրոսի յաջորդը, ուխտաւորը, կը հանդիպի այն անձերուն որ իրենց կոչումին բերումով ուղարկուած են յատուկ առաքելութեան։ Հանդիպումը կը կայանայ այն վայրին մէջ ուր Յիսուս կ՛ապրի երկրային կեանքի վերջին պահերը եւ ուր կը հասնի ժամը կատարելու Աստուծոյ կամքը, մարդկութիւնը փրկելու մեղքի ստրկութենէն։ Վայրն է Յիսուսի ''այոյին'', համապատասխանալու Աստուծոյ սիրոյ կամքին, ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց ''դուք կանչուած էք այս սուրբ հողին վրայ ուրախութեամբ հետեւելու Տիրոջ, պարգեւ մը եւ միեւնոյն ժամանակ պատասխանատուութիւն. համայն Եկեղեցին ձեզի երախտապարտ է ու ձեզի նեցուկ կը կանգնի աղօթքի միջոցաւ''։
Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը Գեթսեմանէի պարտեզին մէջ տնկեց Ձթենի մը, ճիշդ` 4 յունոար 1964-ին, Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի, նոյն վայրին մէջ տնկած ձթենիին մօտ։ Սուրբ Երկիր կղերին հետ հանդիպումի աւարտին, Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ ''Վերնատուն'', վայրը ուր Յիսուս հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը։ Ժամը 16,50-ին (տեղական ժամով) Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Երկրի առաջնորդներուն մասնակցութեամբ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին կ՛ուղղուի Թել Աւիվի ''Պէն Կուրիոն'' օդակայան ուր հրաժեշտ կ՛առնէ սուրբ Երկրէն եւ կ՛ուղղուի Հռոմ ուր կը ժամանէ երեկոյեան ժամը 11-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.