2014-05-25 08:28:35

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Բարթողոմէոս Ա-ի հանդիպումը առանցքը կը կազմէ երկու հայրապետներու ուխտագնացութեան։


Հանդիպումին նպատակն է վերակոչել Պօղոս Զ-ի եւ Աթենակորաս պատրիարքի պատմական հանդիպումի 50-րդ ամեակը։

Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա ճանչցուած է որպէս արարչագործութեան պաշտպանը եւ համամիութենական Պատրիարք։ Ան միշտ աշխատած է միջ-օրթոտոքս յարանուանութիւններու միութեան ի նպաստ եւ լրջօրէն աշխատած է զարգացնելու երկխօսութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։
1979-ին որպէս Տիմիթրիոս Ա պատրիարքին օգնական, անձամբ կազմակերպած է Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի այցելութիւնը ֆանար` Աթոռը Իսթանպուլի օրթոտոքս պատրիարքութեան եւ ապա Պատրիարք Տիմիթրիոսի այցելութիւնը Վատիկան` 1987 թուականին։
30 նոյեմբեր 2006-ին, Բարթողոմէոս Ա, ֆանարին մէջ հիւրընկալեց Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը եւ 2008-ին այցելեց Վատիկանը։ Մարտ 2013-ին մասնակցեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գահակալութեան։ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ բաժանումէն 1054-ին, Ան եղաւ առաջին Կ.Պոլսոյ պատրիարքը որ կը մասնակցէր նորընտիր Քահանայապետի մը գահակալութեան արարողութեան։
25 մայիս 2014-ի յետմիջօրէին Երուսաղէմին մէջ երկու Հայրապետները պիտի ողջագուրուին, ոգեկոչելով Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս պատրիարքի պատմական հանդիպումը։ Երկու հայրապետները նախ առանձնական հանդիպում պիտի ունենան եւ ապա պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն մը, որմէ ետք ս. Թաղման տաճարին մէջ պիտի մասնակցին համամիութենական միացեալ աղօթքի մը, ներկայութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
Համամիութենական արարողութեան աւարտին Երկու Հայրապետները Լատին Պատրիարքութեան մէջ պիտի բաժնեկցին եղբայրական ագպը։Յաջորդ օրը` 26 մայիսի յետմիջօրէին, երկու Եկեղեցապետերը դարձեալ առանձնական հանդիպում մը պիտի ունենան ''Viri Galileai'' օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Քահանայապետի Ս. Երկիր ուխտագնացութեան նախօրեակին, Յորդանանի Լահամ գերապայծառը ըսած էր. Յորդանանին մէջ քրիստոնեաները եւ մահմետականները իրարու հետ միշտ լաւ ապրած են։ Յոյն օրթոտոքսներու մետրապոլիտ Շոմալին իր կարգին հաստատած էր որ Ս. Երկրի օրթոտոքսները եւս կ'ուզեն Սրբազան Քահանայապետը տեսնել։ Իսկ Կարտինալ Սանտրին ըսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցը Երուսաղէմ կը հզօրացնէ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Ս. Երկրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.